ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ ԵՒ ՈՉ-ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ

Անցեալ տարուայ նոյեմբերին գրած էի, որ հիմա նոյնիսկ չորրորդ դասարանի աշակերտը կը հասկնայ, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը յարձակին Սիւնիքի վրայ։ Անմիջապէս պարզուեցաւ, որ կը սխալէի. բազմաթիւ հասուն մարդիկ ինձ կ՚առարկէին, որ նման բան տեղի չ՚ունենար՝ մենք ՀԱՊԿ-ի անդամ ենք, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի դէմ ոտնձգութիւնը կը նշանակէ Ռուսաստանի դէմ ոտնձգութիւն եւ այլն։

Տրամաբանութիւնը այս էր. քանի որ Արցախի խնդիրէն պրծած ենք, հիմա արդէն նորմալ կեանք պիտի սկսի։ Մանրամասն չանդրադառնամ, թէ ինչու ես այդ տրամաբանութեան հետ համաձայն չեմ, բայց երկու խօսք ըսեմ ՀԱՊԿ-ի մասին։ Չորեքշաբաթի օրը կայացաւ այդ կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստը, որու օրակարգային հարցերէն էր Ատրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի տարածք։

Հնչեցին լղոզուած ձեւակերպումներ, իսկ Սերկէյ Լաւրով կրկնեց իր առաջարկը՝ միջնորդական առաքելութիւն ստանձնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ իր ձեւակերպմամբ, «սահմանազատման աշխատանքներու մէջ»։ Իսկ հիմա, խնդրեմ, պատկերացուցէք, թէ ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործոց նախարարները կը հաւաքուին եւրոպական մայրաքաղաքի մը մէջ եւ կը քննարկեն Պալթեան երկիրներէն մէկուն բողոքը այն մասին, որ Ռուսաստան քանի մը տեղ խախտած է այդ երկրի սահմանները եւ ներխուժած է անոր ինքնիշխան տարածքը։ Ինչպէ՞ս կ՚արձագանգէ ՆԱԹՕ-ն այս բանին. այդ կազմակերպութեան ենթադրեալ ժողովը հանդէս կու գայ շատ կոշտ յայտարարութեամբ, որ անպայման խիստ նախազգուշացում կը պարունակէ՝ եթէ Ռուսաստան չլքէ այդ տարածքը, ապա ՆԱԹՕ ստիպուած կ՚ըլլայ դիմել համարժէք քայլերու։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարն ալ հաստատ չի յայտարարեր, թէ պատրաստ է միջնորդ ըլլալ Ռուսաստանի եւ այդ երկրի միջեւ։

Այս բանով կը տարբերի լուրջ կազմակերպութիւնը թուղթի վրայ գոյութիւն ունեցող կազմակերպութենէ, ինչպէս նաեւ՝ իսկական դաշնակիցը ոչ-դաշնակիցէ։ Անշուշտ, Ռուսաստան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կը ձգտի ունենալ հաւասարապէս լաւ յարաբերութիւններ, բայց, միւս կողմէ, ակնյայտ է, որ ՀԱՊԿ-ի մնացեալ երկիրները՝ Սպիտակ Ռուսիա, Տաճիկիստան, Ղազախիստան եւ Խրղըզիստան աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունին կազմակերպութեան անդամ չհանդիսացող Ատրպէյճանի հետ, քան կազմակերպութեան անդամակցող Հայաստանի։

Բացի առարկայական հանգամանքներէ կարելի է արձանագրել, որ ներկայ իշխանութիւնը շատ վատ կ՚աշխատի (եթէ ընդհանրապէս կ՚աշխատի) այդ երկիրներուն հետ։ Իսկ ՀԱՊԿ-ի հետ աշխատանքի մակարդակի մասին կը վկայէ, որ անոնք «կը բռնէին» այդ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021