ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆ ԵՒ ԼՐԱԳՐՈՂ ԱՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լրագրող Արա Մարտիրոսեան, որ միեւնոյն ժամանակ տնտեսական մեկնաբան մըն էր։ 51 տարեկան հասակին ան երէկ առաւօտ անժամանակ աչքերը փակեց կեանքին՝ զոհ երթալով քորոնաժահրի համաճարակին։

Արա Մարտիրոսեան երկար տարիներ թղթակցած էր Հայաստանի զանազան լրատուամիջոցներուն։ Ան «Ազգ»ի խմբագրութեան մաս կազմած էր այն շրջաններուն, երբ այդ մէկը որպէս օրաթերթ լոյս կը տեսնէր։ Վերջին շրջանին կ՚աշխատակցէր «Yerevan.Today» կայքին։

Արա Մարտիրոսեան, միեւնոյն ժամանակ, կը դասախօսէր Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ։

Ինչպէս լրագրական, այնպէս ալ կրթադաստիարակչական գործունէութեան մէջ գնահատանքի արժանացած դէմք մըն էր Արա Մարտիրոսեան, որ իր ուսանողները կը խրախուսէր մտաւորական աշխատանքի ճանապարհին։ 

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021