ՊԱՐԶՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԽՈՐՔ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Sözcükler» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է շատ հետաքրքրական ու շահեկան գիրք մը, որ կը կոչուի «Ben O Çiçek Açmış Erik Ağacıyım»։

Մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի հատընտիրներու թարգմանութիւնն է այս մէկը։ Զահրատ, որ կենդանութեան շրջանին դարձած էր դասական մը եւ եղած էր արեւմտահայերէնով արտադրած՝ ամենաբարձր ձգողականութեամբ արդի բանաստեղծներէն մին, թարգմանուած էր բազմաթիւ լեզուներու։ Բազում մշակոյթներէ, աշխարհահայեացքներէ մարդոց սրտին, մտքին առաւելագոյնս հասնելու կարողութիւնը ունէր մեծ բանաստեղծը։ Իր մահէն վերջ ալ Զահրատի թողած ժառանգութիւնը կը բիւրեղանայ ժամանակներու մէջ։ Իր աւանդը նորովի կ՚ընկալուի՝ միշտ պահելով համամարդկային պատգամի թարմութիւնը ու միշտ պահպանելով մշակոյթներ կամրջելու կարողութիւնը։

Այս բոլորին տեսակէտէ յատկանշական է Զահրատի նոր հատընտիրը։ Բայց եւ այնպէս, գիրքին արժէքը չի սահմանափակուիր միայն բանաստեղծի թողած վիթխարի ժառանգութեան վերարժեւորումով, այլեւ կը բնորոշուի թարգմանութեան որակով ու մակարդակով։ Արդարեւ, Զահրատի բանաստեղծութիւններու թարգմանութիւնը կատարուած է գրականագէտ Սօսի Անթիքաճեանի կողմէ։ Այս վերջինը բազմատասնեակ տարիներու ակադեմական գործունէութեան ամբողջին մէջ քանիցս ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Զահրատի բանաստեղծութիւնը։ Ի լրումն այդ բոլորին, ներկայիս կազմած է այս հատընտիրը։ Սօսի Անթիքաճեան այս գիրքը կազմելու ժամանակ նկատի առած է Զահրատի այն ութ գիրքերը, որոնք հրատարակուած են 1960 թուականէն սկսեալ մինչեւ 2004 թուականը։ Սօսի Անթիքաճեան գրականագիտական ակադեմական գործունէութիւնը յառաջ կը տանի անգլերէնով։ Ան ստացած է հայկական կրթութիւն, ուստի գիտէ հայերէն, նաեւ՝ բնականաբար թրքերէն։ Այս երեք լեզուներու իմացութեան հանգամանքը տարբեր խորք մը, եզակի բնոյթ մը վերագրած է Սօսի Անթիքաճեանի կողմէ կատարուած թարգմանչական աշխատանքին։ Նոր գիրքին մէջ ան յատկապէս ընդգծած է, որ Զահրատի բանաստեղծութիւնները պարզ լեզուով մը գրի առնուած են, առերեւոյթ դիւրաւ ընկալելի են, սակայն իրենց կառուցուածքով բազմաշերտ իմաստներ կը բովանդակեն ու բաց են զանազան մեկնաբանութիւններու։ Անթիքաճեան Զահրատը որակած է «կարճ պահերու բանաստեղծը», որ առօրեայէն փոքր դրուագներ, պաստառներ կը մատուցէ։ Գրականագէտ-թարգմանչուհին մատնանշած է նաեւ, որ Զահրատի բնորոշ ամենակարեւոր առանձնայատկութիւններէն մին լաւատեսութիւնն է։ Բանաստեղծը թէեւ աշխարհի բոլոր անարդարութիւնները կը դիտարկէ, բայց եւ այնպէս, իր գործերը տխուր չեն։ Իր գործերուն մէջ ապրելու կորովը կը գերիշխէ եւ անոր բանաստեղծութիւնները կ՚առթեն մարդոց նկատմամբ սէր եւ կեանքի նկատմամբ եռանդ։

Սօսի Անթիքաճեան գրի առած է նաեւ գիրքի յառաջաբանը, որու մէջ Զահրատի առընթեր ամփոփ բացատրութիւններ տուած է հայկական բանաստեղծութեան մասին։ Գիրքին մէջ ընթերցողներուն հնարաւորութիւն ընձեռուած է թրքերէնով հաղորդ դառնալու Զահրատի աւելի քան հարիւր ստեղծագործութիւններուն։

Վստահաբար, տեղացի գրասէրներուն տեսակէտէ հաճոյք մը պիտի ըլլայ այս գիրքին ծանօթանալը՝ որքան որ Զահրատի գործերը նախապէս ալ թարգմանուած ըլլան, որովհետեւ սա իսկապէս կատարեալ ու բազմակողմանի աշխատանքի մը պտուղն է։ Յամենայնդէպս, հայ գրասէրներն ալ կրնան անուշադրութեան չմատնել այս նոր հրատարակութիւնը, եթէ նոյնիսկ կարելիութիւն ունեցած ըլլան Զահրատի գործերը արտադրուած լեզուով կարդացած ըլլալու։  

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021