ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու միջ­նոր­դու­թեամբ ե­րէկ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­ռա­կող­մա­նի կա­րե­ւոր հան­դի­պում մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Այս­պէս, Փու­թին մէկ­տե­ղեց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ու Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւը, ո­րոնք ան­ցեալ ա­միս ալ տե­սակ­ցած էին Վիեն­նա­յի մէջ։ Ապ­րի­լի սկիզ­բին Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ Սարգ­սեան եւ Ա­լիեւ ար­դէն տե­սակ­ցե­ցան երկ­րորդ ան­գամ։

Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ե­րէկ դի­ւա­նա­գի­տա­կան խտա­ցեալ եր­թե­ւեկ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կար­նե­րու ո­րո­նում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Սէն Փե­թերս­պուրկ մեկ­նե­ցաւ իր կող­քին ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նը եւ Աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեա­նը։ Վլա­տի­միր Փու­թին նախ ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Սարգ­սեա­նի եւ Ա­լիե­ւի հետ։ Ա­ւե­լի վերջ, Սէն Փե­թերս­պուր­կի պատ­մա­կան «Կոնս­տան­դի­նո­վեան» պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Փու­թի­նի, Սարգ­սեա­նի եւ Ա­լիե­ւի ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը։ Այս տե­սակ­ցու­թեան վեր­ջին հանգ­րուա­նին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խա­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ։ Ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման ա­ւար­տին հրա­պա­րա­կուե­ցաւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Ե­րե­ւա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Սերժ Սարգ­սեան Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Ան միջ­նորդ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն շուրջ։

Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան, ե­րէկ, Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ կող­մե­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով փո­խան­ցե­ցին ի­րենց պատ­գամ­նե­րը։ Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով տա­կա­ւին նա­խա­գահ­նե­րու Սէն Փե­թերս­պուրկ ժա­մա­նե­լէն ա­ռաջ յայ­տա­րա­րեց, թէ Սարգ­սեա­նի եւ Ա­լիե­ւի հետ Փու­թի­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը դիւ­րին պի­տի չըլ­լան։ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ բարդ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ եւ այդ հի­ման վրայ ալ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը կը պա­հուէին հա­մեստ մա­կար­դա­կի մը վրայ։ «Հիմ­նա­կան խնդի­րը այժմ մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վերսկ­սու­մէն ա­պա­հո­վագ­րուիլն է. թոյլ չտալ, որ կոր­սուին այն մշա­կում­նե­րը, ո­րոնք կա­յին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի շուրջ բռնու­թեան վերսկս­ման պա­հուն», ը­սաւ Փես­քով եւ ա­ւել­ցուց, թէ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րը պի­տի ըլ­լայ շատ լա­րուած։

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ Սէն Փե­թերս­պուրկ ժա­մա­նե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ օ­դա­կա­յա­նին մէջ հան­դէս ե­կաւ հա­կիրճ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Անդ­րա­դառ­նա­լով իր սպա­սում­նե­րուն՝ ան յայ­տեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման վե­րա­բե­րեալ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ձեռք­բե­րու­մը, սահ­ման­նե­րու վրայ խախ­տում­նե­րու բա­ցա­ռու­մը իր հիմ­նա­կան սպա­սում­ներն են։ Սերժ Սարգ­սեան Սէն Փե­թերս­պուր­կի օ­դա­կա­յա­նին մէջ ը­սաւ.

«Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րը ցոյց տուին, որ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը շատ թէ քիչ ար­դիւ­նա­ւէտ կրնայ ըլ­լալ, ե­թէ կող­մե­րը կը կա­տա­րեն ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Այ­սինքն, ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը հա­մա­հունչ կը դարձ­նեն 1994 եւ 1995 թուա­կան­նե­րուն կնքուած հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նագ­րի դրու­թիւն­նե­րուն։ Վիեն­նա­յի մէջ Մա­յի­սի 16-ին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը եւս կը խօ­սի այդ մա­սին։ Կ՚ակն­կա­լեմ, որ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ մենք ի վեր­ջոյ կը պայ­մա­նա­ւո­րուինք եւ Ատր­պէյ­ճան կը կա­տա­րէ իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, սահ­ման­նե­րու վրայ խախ­տում­ներ չեն ըլ­լար ու մենք կը շա­րու­նա­կենք բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրի լուծ­ման լաւ նպա­տա­կով»։­

Օ­րուան սկիզ­բը իր տրա­մադ­րու­թիւ­նը այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով բա­նա­ձե­ւե­լէ վերջ, Սերժ Սարգ­սեան Ատր­պէյ­ճա­նին ուղ­ղեալ պատ­գամ­ներ փո­խան­ցեց նաեւ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Փու­թի­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Սարգ­սեան յայտ­նեց, թէ Սէն Փե­թերս­պուր­կի հան­դի­պու­մը ըստ էու­թեան նուի­րուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին ու շա­րու­նա­կեց. «Մեր դիր­քո­րո­շու­մը Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին մէջ յայտ­նի է բո­լո­րին։ Մենք կը փա­փա­քինք, որ­պէս­զի հար­ցը լու­ծուի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով։ Ես կը փա­փա­քիմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել ձե­զի, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կի­նե­րու միւս ղե­կա­վար­նե­րուն՝ այն ու­շադ­րու­թեան ու ջան­քե­րուն հա­մար, զորս դուք կը յատ­կաց­նէք այս հար­ցին։ Բայց, դժբախ­տա­բար, կող­մի մը փա­փա­քով նման հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը ո­րե­ւէ ձե­ւով չեն լու­ծուիր։ Եւ մենք, ի հար­կէ, շատ ու­րախ կ՚ըլ­լանք, ե­թէ այ­սօր կա­րե­նանք յա­ռաջ շար­ժուիլ Վիեն­նա­յի մէջ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ՝ այ­սինքն՝ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­ներ ստեղ­ծենք։ Սա աշ­խա­տան­քա­յին տրա­մադ­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար»։

Ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման ըն­դա­ռաջ, Փու­թի­նի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Իլ­համ Ա­լիեւն ալ յայտ­նեց, թէ ա­նըն­դու­նե­լի է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը։ Ըստ ի­րեն, այդ կար­գա­վի­ճա­կը պէտք է յաղ­թա­հա­րուի եւ այդ նպա­տա­կով տա­րած­քաշր­ջա­նէն դուրս պէտք է բե­րուին հայ­կա­կան զօր­քե­րը։ Ա­լիե­ւի հա­մոզ­մամբ՝ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կը ձգձգուի։ Ան յի­շե­ցուց, թէ իր երկ­րի տա­րածք­նե­րը ա­ւե­լի քան քսան տա­րիէ ի վեր բռնագ­րա­ւուած են։ Ա­լիեւն ալ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Մոս­կուա­յի շի­նիչ դե­րա­կա­տա­րու­թեան հա­մար՝ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան շրջագ­ծով։

Այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­գահ­նե­րու ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը։ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ Փու­թի­նի հետ էր Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով, նոյն­պէս Ա­լիե­ւի կող­քին էր Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով։ Ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մէն վերջ Սէր­կէյ Լաւ­րով հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ըստ ի­րեն, ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուած են զար­գաց­նել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը։ Ըստ Լաւ­րո­վի, նա­խա­գահ­նե­րը կողմ­նա­կից են յա­ւե­լեալ աշ­խու­ժու­թիւն մը տալ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։ «Ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րը հա­մա­ձայ­նե­ցու­ցած են ե­ռա­կող­մա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ կ՚ար­տա­յայ­տուի հա­կա­մար­տու­թեան քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման կա­յուն յա­ռա­ջըն­թա­ցի հար­ցը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ հրա­դա­դա­րը կը պահ­պա­նուի։ Եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը հան­դի­պած են ա­ռանց ու­ղե­կից­նե­րու եւ օգ­նա­կան­նե­րու», ը­սաւ Սէր­կէյ Լաւ­րով։

ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թեան կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Լաւ­րով յայտ­նեց, թէ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է ա­ւելց­նե­լու հա­մար ԵԱՀԿ-ի դի­տորդ­նե­րուն թի­ւը։ Նա­խան­շուած են բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի աշ­խու­ժաց­ման ուղ­ղու­թեամբ յստակ քայ­լեր։ Լաւ­րո­վի խօս­քե­րով, ե­ռա­կող­մա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէ նա­խա­գահ­նե­րուն հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը՝ հա­կա­մար­տու­թեան քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն գծով կա­յուն յա­ռա­ջըն­թա­ցի ա­պա­հով­ման շուրջ։ Լաւ­րով յի­շե­ցուց, թէ դէպ­քե­րու կանխ­մամբ եւ ա­նոնց հե­տաքն­նու­թեամբ կը զբա­ղի ԵԱՀԿ-ի քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը։

Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ ե­րէ­կուան հան­դի­պու­մը ար­ժա­նա­ցաւ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան, սա­կայն յա­ջոր­դած մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը այն­քան ալ լա­ւա­տես չեն հա­մա­րուիր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յի ա­ռու­մով։

ՀԱ­ՄԱ­ՏԵՂ ՅԱՅ­ՏԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ­նե­րը 2016 թուա­կա­նի Յու­նի­սի 20-ին հան­դի­պե­ցան Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ՝ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գա­հին հրա­ւէ­րով եւ քննար­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին Վիեն­նա­յի մէջ այս տա­րուան Մա­յի­սի 16-ին կա­յա­ցած հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը՝ ուղ­ղուած հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման եւ խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռա­ջըն­թա­ցին նպաս­տող մթնո­լոր­տի ստեղծ­ման։ Այդ նպա­տա­կով ա­նոնք հա­մա­ձայ­նե­ցան մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­ւելց­նել հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րու թուա­քա­նա­կը։ Ա­նոնք գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին վեր­ջին շրջա­նին շփման գծին վրայ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Կա­յա­ցաւ կար­գա­ւոր­ման ա­ռանց­քա­յին հար­ցե­րու շուրջ մտքե­րու հան­գա­մա­նա­լից փո­խա­նա­կում։ Պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը փաս­տե­ցին այն հան­գա­ման­քը, թէ փո­խըմբռն­ման պէտք է հաս­նիլ շարք մը հար­ցե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ, ո­րոնց լու­ծու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ։

Նա­խա­գահ­նե­րը նշե­ցին ի­րենց կա­նո­նա­ւոր շփում­նե­րու կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան շա­րու­նա­կել զա­նոնք նման ձե­ւա­չա­փով՝ ի լրումն ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու աշ­խա­տան­քին։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հրա­ւի­րուած էին ներ­կայ գտնուիլ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման եզ­րա­փա­կիչ հա­տուա­ծին։

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԲԱՒԱԿԱՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ԷՐ»

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պու­մը բա­ւա­կան օգ­տա­կար էր։ Ըստ ի­րեն, ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թիւ­նը տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւնն էր Մա­յի­սին Վիեն­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խորդ հան­դիպ­ման, ո­րու ըն­թաց­քին կա­րե­ւոր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներ ձեռք բե­րուած էին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէն Փե­թերս­պուր­կի ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ը­սաւ. «Այդ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ պայ­ման­ներ պէտք է ստեղ­ծուէին բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վերսկս­ման հա­մար։ Վիեն­նա­յի մէջ ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու նա­խա­րար­նե­րուն մա­կար­դա­կով կա­տա­րուե­ցաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ո­րուն մէջ ար­տա­ցո­լուած էին այն պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներն ու յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը, զորս կող­մե­րը ստանձ­նած էին. ա­ռա­ջին հեր­թին կար­գա­ւո­րում բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով, նաեւ՝ 1994-1995 թուա­կան­նե­րու ե­ռա­կող­մա­նի ան­ժամ­կէտ հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու յար­գում։ Այս մէ­կուն կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին յա­տուկ շեշ­տե­ցին ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու նա­խա­րար­նե­րը, ընդգ­ծե­ցին նաեւ հրա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծու­մը, ո­րով պի­տի փաս­տուին դէպ­քե­րը ինչ­պէս հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին, այն­պէս ալ ղա­րա­բա­ղա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գծին վրայ, ինչ­պէս նաեւ խօսք ե­ղաւ ԵԱՀԿ-ի խում­բի կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման մա­սին»։

Նալ­պան­տեան յի­շե­ցուց, որ Վիեն­նա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դի­պում­ներ Պրիւք­սէ­լի եւ Փա­րի­զի մէջ, ուր ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ Այս­պէս, խօս­քը յատ­կա­պէս կը վե­րա­բե­րի եր­կու ա­ռա­ջարկ­նե­րու՝ հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծում եւ ԵԱՀԿ-ի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չի՝ դի­տար­կում ի­րա­կա­նաց­նող խում­բի ընդ­լայ­նում։ Նալ­պան­տեան մատ­նան­շեց, թէ հայ­կա­կան կող­մը ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ կ՚աշ­խա­տի այդ եր­կու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն վրայ։ Ըստ ի­րեն, դժբախ­տա­բար, կա­րե­լի է ը­սել, որ Ատր­պէյ­ճան ցայ­սօր այդ­քան ալ շի­նիչ մօ­տե­ցում չէր ցու­ցա­բե­րեր այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ։ «Ի­րենք ԵԱՀԿ-ի Ելմ­տա­կան ու պիւտ­ճէի յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ խո­չըն­դո­տե­ցին մշտա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չի դի­տոր­դա­կան խում­բի ընդ­լայն­ման գան­ձատ­րու­մը։ Իսկ այ­սօ­րուան հան­դիպ­մամբ նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով ան­գամ մը եւս վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ, որ խում­բը պէտք է ընդ­լայ­նուի եւ այս մա­սին նշուե­ցաւ նաեւ նա­խա­գահ­նե­րու հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ Այ­դու­հան­դերձ, խնդի­րը կը մնայ նշուած դրու­թիւն­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու մա­կար­դա­կին վրայ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ կը խօ­սուի։ Նման դրու­թիւն­նե­րու ստեղծ­ման վե­րա­բե­րեալ կող­մե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուած էին առ­նուազն եր­կու ան­գամ նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով տա­կա­ւին Սո­չիի մէջ՝ 2011-2012 թուա­կան­նե­րուն։ Ար­դիւն­քին դար­ձեալ պա­տա­հած էր նոյն բա­նը. ա­մէն ան­գամ Ատր­պէյ­ճան փոր­ձած էր ետ­քայլ ը­նել։ Բաց աս­տի, Վիեն­նա­յի եւ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մի­ջեւ այս ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին ա­զէ­րի կող­մը տար­բեր, չեմ ը­սեր շի­նիչ, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կած է։ Նաեւ, ե­րէկ եւ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի օ­րե­րուն Ատր­պէյ­ճան լայ­նա­ծա­ւալ զի­նա­վար­ժու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ՝ 25 հա­զար զի­նուոր­նե­րու, ծանր զի­նա­տե­սակ­նե­րու, սպա­ռա­զի­նու­թեան ընդգրկ­մամբ։ Չեմ կար­ծեր, որ սա շի­նիչ մօ­տե­ցում մըն է նման գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րէն ա­ռաջ եւ ա­նոնց ըն­թաց­քին», շա­րու­նա­կեց Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, նա­խա­րա­րը Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը ո­րա­կեց բա­ւա­կան օգ­տա­կար։ «Ո­րոշ զգու­շու­թեամբ, սա­կայն, կրնամ ը­սել, որ նաեւ շի­նիչ մթնո­լոր­տի մը մէջ էր։ Ո­րոշ հար­ցե­րու շուրջ նա­խա­գահ­նե­րը ե­կան այն ըմբռն­ման, որ ե­թէ այդ հար­ցե­րուն շուրջ ըլ­լայ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն, ա­պա հնա­րա­ւոր կ՚ըլ­լայ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ շար­ժել՝ դէ­պի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման յա­ռա­ջըն­թաց։ Այս մա­սին նաեւ նշուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, որ ըն­դու­նուե­ցաւ նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ հան­դիպ­ման ար­դիւն­քին։ Պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք բե­րուած է շա­րու­նա­կե­լու հա­մար հան­դի­պում­նե­րը նա­խա­րար­նե­րու եւ նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով, նաեւ՝ այս ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի ըն­թա­նայ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Պա­տա­հա­կան չէր, որ նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման եզ­րա­փա­կիչ փու­լին մաս­նակ­ցիլ հրա­ւի­րուե­ցան ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րը։ Բաց աս­տի, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ա­ռան­ձին հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով մեր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րուն շուրջ», եզ­րա­փա­կեց Նալ­պան­տեան։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ Ո­ՒՈՐ­ԼԻՔ

Իր կար­գին, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիքն ալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ ե­րէկ Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին առ­նուած են դրա­կան քայ­լեր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ, նե­րա­ռեալ ըն­դու­նուած է հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ «Մենք պէտք է աշ­խա­տինք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ», նշեց Ո­ւոր­լիք։

ԱՐՑԱԽԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐԱՊԱՀ ԱՐՁԱԳԱՆԳ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գեց Սէն Փե­թերս­պուր­կի հան­դիպ­ման։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մօ­տե­ցու­մը այն է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­րա­գա­յին բարդ պի­տի ըլ­լայ ակ­նա­կա­լել խնդրի շու­տա­փոյթ կար­գա­ւո­րու­մը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան նշեց, որ կա­րե­ւոր են Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, սա­կայն Ատր­պէյ­ճա­նի պա­րա­գա­յին բարդ պի­տի ըլ­լայ ակն­կա­լել այս հար­ցի շու­տա­փոյթ կար­գա­ւո­րու­մը։ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան ը­սաւ.

«Մենք միշտ ը­սած ենք, որ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ սա նոր ուղ­ղու­թիւն մըն է, որ չես գի­տեր ին­չու ան­տե­սուած է եր­կար տա­րի­ներ։ Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի վստա­հու­թեան յստակ մի­ջոց­նե­րուն՝ դրու­թիւն­նե­րու մշա­կում, որ թոյլ պի­տի տայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը յստա­կեց­նել եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հրա­ւի­րել մե­ղա­ւոր կող­մը։ Այս մէ­կուն կա­րե­ւո­րա­գոյն տար­րե­րէն մին է սահ­մա­նի եր­կայն­քով թեք­նիկ մի­ջոց­նե­րու տե­ղադ­րու­մը։ Լաւ կ՚ըլ­լայ, որ հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը ի­րենց ար­բա­նեա­կա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծեն, որ­պէս­զի վե­րէն տես­նեն զա­նա­զան զօր­քե­րու տե­ղա­բաշ­խու­մը։ Այդ գոր­ծըն­թա­ցին մէջ անձ­նա­կազ­մի, մարդ­կա­յին խնդիր կայ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս, կա­րե­ւոր է ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չի գրա­սե­նեա­կի ընդ­լայ­նու­մը եւ հա­մալ­րու­մը հա­մա­պա­տաս­խան մաս­նա­գէտ­նե­րով։ Քա­նի որ խնդրի մա­սին կը բարձ­րա­ձայ­նուի, սա կը նշան­կէ, որ կան լուրջ խնդիր­ներ այդ բո­լո­րը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար»։­

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Դա­ւիթ Պա­պա­յեան մատ­նան­շեց, որ հի­մա պէտք է սպա­սել։ Ի հար­կէ, Ատր­պէյ­ճա­նի պա­րա­գա­յին բարդ պի­տի ըլ­լայ ակն­կա­լել հար­ցե­րու շու­տա­փոյթ կար­գա­ւո­րու­մը, ո­րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճան ըլ­լա­լով հրա­դա­դա­րը խախ­տող եր­կի­րը, ա­մէն ինչ պի­տի ը­նէ՝ որ­պէս­զի խո­չըն­դո­տէ գոր­ծըն­թա­ցը։ Ներ­կայ պա­հե­րուն եւս Պա­քու այդ­պի­սի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը կը վա­րէ՝ ռազ­մա­փոր­ձեր ի­րա­կա­նաց­նե­լով, հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րը տե­ղեակ չի պա­հեր, թէ ի՛նչ զի­նա­տե­սակ­ներ կ՚օգ­տա­գոր­ծէ, ի՛նչ քա­նա­կու­թեամբ։ «Հի­մա այս­պի­սի պե­տու­թիւն մը, որ կը խախ­տէ մի­ջազ­գա­յին պայ­ման­նե­րը, ի հար­կէ պի­տի խախ­տէ նաեւ երկ­կող­մա­նի, ե­ռա­կող­մա­նի կամ բազ­մա­կող­մա­նի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար լծուինք համ­բե­րու­թեան, սա եր­կա­րա­տեւ գոր­ծըն­թաց մըն է, նախ պէտք է քննար­կել, այ­նու­հե­տեւ փոր­ձել այդ դրու­թիւն­նե­րը հաս­տա­տել, յստա­կեց­նել խախ­տու­մը, յե­տոյ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հրա­ւի­րել։ Բարդ գոր­ծըն­թաց մըն է, սա­կայն ա­ռանց այս մէ­կուն հնա­րա­ւոր չէ։ Սկիզ­բը տրուած է, անհ­րա­ժեշտ է շա­րու­նա­կել զայն», ընդգ­ծեց Դա­ւիթ Պա­պա­յեան։  

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2016