ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԸՆԴԳՐԿՈՒԻԼԸ
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն յառաջիկայ ամիս ժողով մը պիտի գումարէ Իսթանպուլի մէջ։ 10-20 Յուլիս թուականներուն, Թուրքիոյ տանտիրութեամբ նախատեսուած է կոմիտէին 40-րդ ժողովը։ Նիստի ընթացքին որոշումներ պիտի ընդունուին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ նոր լրամշակումներու կատարման շուրջ։
Ժողովի կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ կը տարուին Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Թուրքիոյ Ազգային կոմիտէին, Արտաքին գործոց նախարարութեան, Իսթանպուլի կուսակալութեան եւ գլխաւոր քաղաքապետութեան համատեղ ջանքերով։ Ժողովի բացման ելոյթներով հանդէս պիտի գան Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նապի Ավճը եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Իրինա Պոքովա։
Ժողովի ընթացքին Թուրքիա պիտի առաջարկէ, որպէսզի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ներգրաւուին Անիի աւերակները, որոնք ներկայիս առժամեայ ցանկին վրայ կը գտնուին։
Նապի Ավճը տեղեկացուց, թէ օրակարգի վրայ պիտի գան նաեւ Սուրիոյ մշակութային յուշարձաններու պահպանման վերաբերեալ հարցեր։