ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԷ ԹՐԱՄՓԸ
Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի քուէարկողներուն մօտ ժողովրդականութեան համեմատութիւնը 6 կէտով կը գերազանցէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի ժողովրդականութեան համեմատութիւնը:
9- 13 Յունիսի միջեւ 1280 անձերու մասնակցութեամբ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ պիտի արձանագրէ Քլինթըն՝ ստանալով քուէներուն 43 առ հարիւրը, իսկ Թրամփ պիտի ապահովէ քուէներուն միայն 37 առ հարիւրը:
Հակառակ այդ առաւելութեան, նոր հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Քլինթընի ժողովրդականութիւնը Մարտ ամսուան համեմատ նահանջ արձանագրած է: Մարտին կատարուած հարցախոյզը ցոյց կու տար, որ քուէարկողներուն 50 առ հարիւրը պիտի քուէարկէ ի նպաստ Քլինթընի, իսկ 40 առ հարիւրը՝ Թրամփի: