Շուշան Կարապետեան ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ
Տքթ. Շուշան Կարապետեան շահեցաւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան «Բացառիկ աւարտաճառ»ի մրցանակը, որ նուիրուած էր Լոս Անճելըսի մէջ հայերէնի պահպանման եւ կը կրէր` «Ինչպէ՞ս երախաներուս սորվեցնեմ իմ կոտրտած հայերէնս» խորագիրը: Մրցանակին կ՚ընկերանայ 1000 տոլարի նիւթական վարձատրութիւն:
Տքթ. Շուշան Կարապետեան շրջանաւարտ է Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր այժմ հայերէն կը դասաւանդէ: Ան նաեւ մաս կը կազմէ հայախօսութիւնը խթանելու շարք մը նախաձեռնութիւններու:
Բաց աստի, պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Տքթ. Սօնա Յարութիւնեանի աւարտաճառը, իսկ ուսանողական լաւագոյն ուսումնասիրութեան մրցանակը ստացաւ Վահէ Սահակեան:
1974 թուականին հիմնուած Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) ներկայիս հաստատուած է Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ: