ՍԵՖԻԼԵԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ «Նոր Հա­յաս­տան» ընդ­դի­մա­դիր շարժ­ման ա­ռաջ­նորդ, ա­զա­տա­մար­տիկ Ժի­րայր Սե­ֆի­լեան։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ խումբ մը մար­դոց կող­մէ ա­պօ­րի­նի կեր­պով զէնք եւ զի­նամ­թերք ձեռք բե­րե­լու, փո­խադ­րե­լու ու պա­հե­լու կաս­կա­ծով ձեր­բա­կա­լուած է են­թա­կան։

Ժի­րայր Սե­ֆի­լեա­նի ձեր­բա­կա­լուած այս գոր­ծին շրջագ­ծով մե­ղադ­րանք հաս­ցէագ­րուած է ութ հո­գիի հա­մար։

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2016