«ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ» ԾՐԱԳԻՐԸ

Հայաստանի մէջ «Ամառնային ընթերցանութիւն» մանկապատանեկան գիրքերու փոխանակման ամենամեայ ծրագրի նպատակն է գիրքերը աւելի մատչելի ու սիրելի դարձնել երախաներուն: Այս տարի ծրագրի շրջանակներէն ներս ընդգրկուած են չորս նոր գիրքեր:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ կայացած ասուլիսի ընթացքին արտայայտուեցան «Զանգակ» հրատարակչութեան մանկապատանեկան բաժնի խմբագիր, թարգմանիչ Ալվարդ Ճիվանեան, ծրագրի կազմակերպիչներ Մարիաննա Աճէմեան եւ Սօնա Յովհաննիսեան:

««Զանգակ» հրատարակչութեան «Ամառնային ընթերցանութիւն» գիրքերու փոխանակման ամենամեայ ծրագիրը կ՚իրականացուի 2014 թուականէն ի վեր՝ Յունիսի 1-էն Օգոստոսի 31-ը: Անձը գործընկեր գրախանութէն կ՚ապահովէ գիրք մը, կը ստանայ քարտ եւ, ներկայացնելով որեւէ գործընկեր գրախանութ, հնարաւորութիւն կը ստանայ փոխանակել գիրքը երեք տասնեակ գիրքերէ որեւէ մէկուն հետ: Բոլոր գիրքերուն համար միջին վճարումը 2800 դրամ է: Ամէն տարի գիրքերու ցանկը կ՚աւելնայ», ըսաւ Մարիաննա Աճէմեան ու աւելցուց, որ երեք ամսուան ընթացքին երախաները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ոչ միայն ընթերցելու գիրքեր, այլ նաեւ մասնակցելու տարբեր միջոցառումներու, զարգացնելու իրենց ընթերցանութեան հմտութիւնները, շփուելու տարբեր երախաներու հետ:

Անոր խօսքով՝ իւրաքանչիւր տարի մասնակիցներու թիւը կը գերազանցէ 400-ը, իսկ ընդհանուր տուեալներով՝ այդ չորս տարուան ընթացքին մասնակիցներու թիւը եղած է աւելի քան 1000: Ծրագիրը նախատեսուած է դպրոցահասակ երախաներու համար, որոնք կրնան ընթերցել: Ծրագիրը այս տարի կ՚իրականացուի 24 գործընկեր գրախանութներէ ներս։

Իր կարգին, Ալվարդ Ճիվանեան ըսաւ. ««Ամառնային ընթերցանութիւն»ը «Զանգակ»ի մշակութային քաղաքականութեան մէկ մասն է, մենք կ՚առաջարկենք զանազան գիրքեր՝ թէ՛ հայ մանկագիրներու եւ թէ թարգմանական գրականութիւն: Առաջարկուող գիրքերն են Դերենիկ Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար»ը, Մկրտիչ Արմէնի «Գոյնզգոյն թագաւորութիւն»ը, թարգմանական «Տապանի մօտ ժամը 8-ին», «Ինչպէս ծաղկեցաւ գազարը» եւ այլ գիրքեր»։

«Ընթերցանութեան մակարդակը բաւականին լաւ կարելի է գնահատել Ճամբարակի, Հրազդանի, Ստեփանավանի, Վանաձորի, Կիւմրիի մէջ։ Շատեր յաջորդ տարի կը մասնակցին իրենց ընկերներու հետ, այսինքն՝ ծրագիրը տարածում կը գտնէ», ըսաւ Սօնա Յովհաննիսեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2017