ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԻԹԱՌԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Գ. ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երեւանի կիթառի միջազգային 3-րդ փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունիս 29-Յուլիս 9 թուականներուն միջեւ: Փառատօնին կը մասնակցին զանազան երկիրներէն ծանօթ երաժիշտներ:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, կիթառի միջազգային փառատօնը, որ տեղի կ՚ունենայ երրորդ տարին ըլլանով, հայ կիթառահարներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ժամանակակից դասական կիթառի միջազգային դպրոցին ծանօթանալու, կիթառի սիրահարներուն իւրօրինակ երաժշտութիւն մատուցելու եւ վարպետութեան դասերու մասնակցելու:

Երաժշտական տօնը կազմակերպած են Երեւանի Կիթառահարներու եւ կիթառի միջազգային փառատօններու ընկերակցութիւնը: Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարն է Երեւանի Կիթառահարներու ընկերակցութեան նախագահ, Գերմանիոյ Վուփերթալի կիթառահարներու միջազգային ընկերակցութեան փոխ-նախագահ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, արուեստագիտութեան տոքթոր՝ Ժորա Սարգսեան:

Մինչ Երեւանի միջազգային կիթառի 3-րդ փառատօնի մեկնարկը՝ Արցախի մէջ կը կազմակերպուի փառատօնին ընդառաջ համերգ մը: Գանձասարի Մատենադարանէն ներս Յունիսի 27-ին կազմակերպուելիք երեկոյթին Ժորա Սարգսեանի հետ ելոյթ կ՚ունենայ Ֆրանսայէն կիթառահար Ակուստին Փեզնոն։ Վերջինս Paris Guitar Foundation-ի նախագահն է, Փարիզի երկու երաժշտանոցներու դասախօս, բազմաթիւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր: Ժորա Սարգսեան եւ Ակուստին Փեզնոն հանդէս կու գան նաեւ փառատօնի բացման համերգին, որ տեղի կ՚ունենայ Յունիսի 29-ին Կոմիտասի անուան թանգարան-կաճառին մէջ:

Կարեւորելով մարզերու մէջ մշակութային կեանքի աշխուժացումը՝ փառատօնային համերգ կը կազմակերպուի նաեւ Երեւանէն դուրս: Յուլիսի 1-ին Ջերմուկի մէջ համերգով հանդէս կու գան Ժորա Սարգսեան, Միացեալ Նահանգներէն՝ Սարօ Պապիկեան, իսկ Հայաստանէն՝ Եդուարդ Հրմուշեան, Հենրիկ Մելիքեան եւ Յասմիկ Ասատրեան։ Համերգը տեղի կ՚ունենայ Շախմատի միջազգային մրցաշարքի բացման արարողութեան: Փառատօնային յաջորդ համերգը կը կայանայ Յուլիսի 4-ին Կոմիտասի անուան քամերային երաժշտութեան տան մէջ: Մենահամերգով հանդէս կու գայ Ռուսաստանէն կիթառահար Վլատիմիր Քիրասիրով։ Այս վերջինը Սեն Փեթերսպուրկի երա-ժըշտանոցի դասախօս է:

Յուլիսի 5-ին ՀԲԸՄ-ի մէջ տեղի կ՚ունենայ փառատօնային յաջորդ համերգը: Ելոյթներով հանդէս կու գան Վրաստանէն՝ Վաժա Կալանտածէ եւ Կէորկի Կուծանաշվիլի, Միացեալ Նահանգներէն՝ Սարօ Պապիկեան, իսկ Հայաստանէն՝ Եդուարդ Հրմուշեան եւ Հենրիկ Մելիքեան։ Համերգը իւրայատուկ է, որովհետեւ երեկոյթի ընթացքին կը ստեղծուի հայ-վրացական կիթառի նուագախումբ, հանդէս կու գան 20 կիթառահար: Սա բացառիկ երեւոյթ է տարածքաշրջանէն ներս։

Փառատօնի փակումը կը նշանաւորուի իւրայատուկ համերգ-երեկոյթով: Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ Յուլիսի 9-ին հանդէս կու գան Ժորա Սարգսեան, Ռուսաստանէն՝ Վլատիմիր Քիրասիրով եւ Եւկենիա Մարկովա, իսկ Հայաստանէն՝ Արիկ Բամբիռ, Վահագն Մարգարեան, Եւա Գէորգեան եւ Պերճ Նահապետեան։

Փառատօնի մասնակիցները հանդէս կու գան նաեւ վարպետութեան դասերով, որոնք բաց պիտի ըլլան բոլոր երաժշտասէրներու համար:

Փառատօնի աջակիցներն են Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը, «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ YerazArt հիմնադրամը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2017