ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏԷՍ-ՈՒՂԵՑՈՅՑԸ

Լոյս տեսած է Սիւնիքի մարզի պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցը, որ հնարաւորութիւն կու տայ զբօսաշրջիկներուն իրազեկուիլ եւ ծանօթանալ Սիւնիք աշխարհի պատմական յուշարձաններուն: «Հոգիի պարտք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Շողինէ Յովհաննիսեանի խօսքով՝ 2012 թուականին տպագրուած էր Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու, իսկ 2015 թուականին՝ Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզերու պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցները:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շողինէ Յովհաննիսեան ըսաւ. «Անոնց շրջանառութեան դրական արձագանգը ստեղծեցին այլ մարզերու համար նմանատիպ քարտէս-ուղեցոյցներ պատրաստելու եւ տպագրելու նպատակ: Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տրամադրած դրամաշը-նորհի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի աջակցութեամբ տպագրուեցաւ Սիւնիքի մարզի քարտէս-ուղեցոյցը՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով»։

Ըստ Յովհաննիսեանի, ուղեցոյցի նպատակն է խթանել եւ զարգացնել զբօսաշրջութիւնը Սիւնիքի մարզէն ներս:

«Քարտէս-ուղեցոյցը ունի հայագիտական, կրթադաստիարակչական, ճանաչողական նպատակ: Ան հասցէագրուած է էքօ-զբօսաշրջութեան որեւէ տեսակ նախընտրող հայ եւ օտարազգի զբօսաշրջիկներու համար», նշեց Յովհաննիսեան եւ աւելցուց, որ քարտէսին մէջ նշուած են նաեւ Սիւնիքի մարզի գողտրիկ հնավայրերը:

Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ղեկավար, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան կարեւորեց նման քարտէսներու տը-պագրութիւնը եւ նշեց, որ այդ մէկը բաւականին յարմար է զբօսաշրջիկներու հեշտ կողմնորոշման համար:

«Այս քարտէսին մէջ նշուած են 150-200 կարեւոր յուշարձաններ: Բոլոր ճանապարհները եւ բոլոր գիւղերը այս քարտէսին մէջ ընդգրկուած են, պայմանական նշաններով ցուցադրուած: Մենք կ՚ուզենք բոլոր մարզերուն համար նման ուղեցոյցներ պատրաստել», եզրափակեց Սամուէլ Կարապետեան:

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2017