ՅԱՐԱՏԵՒ ՊԱՅՔԱՐ

Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն յարատեւ պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Երկրի հարաւային սահմաններու ամբողջ երկայնքով բանակը լայնածաւալ եւ լուրջ հարուածներ կը հասցնէ ահաբեկչական լծակներուն։ Սուրիայէ ներս, երէկ, թրքական զօրքերը երկրորդ անգամ հերթապահութիւն կատարեցին Մենպիչի մէջ։ Մինչ ԵՓԿ-ի ահաբեկչական տարրերը կը լքեն տարածքաշրջանը, բանակը զրահապատ ինքնաշարժներով իրականացուց այդ հերթապահութիւնը։ Ճերապլուսի եւ Մենպիչի ճակատի գիծը իրարմէ բաժնող Սաճուրի գետի շրջակայքը հասան թրքական զօրքերը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերն ալ իրականացուցին հերթապահութիւն մը՝ իրենց ռազմախարիսխի տեղակայուած  Տատաթ գաւառակի հանդիպակաց։ Այդ հերթապահութիւններուն ընթացքին դիտարկուեցաւ, որ ԵՓԿ-ի տարրերը կը լքեն իրենց շարքերն ու զօրակէտերը։

Միւս կողմէ, Հիւսիսային Իրաքի մէջ ալ բանակի ռմբակոծումները կը շարունակ-ւին Քանտիլի լերան վրայ, որ ՓՔՔ-ի ահաբեկչական լծակներու խտացուած հիմնական շրջաններէն մին է։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ տասն կարեւոր թիրախներ ոչնչացուած են։ Վերջին ռմբակոծումները կատարուած են, երբ ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը կը գումարէր ժողով մը։ Ուստի, ՓՔՔ-ի տեսակէտէ հետեւանքները եղած են ծանր։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018