ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԲԱՐԴ ՀԱՇԻՒՆԵՐ

Անցեալ ամիս տեղի ունեցած Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքներու լոյսին տակ՝ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին ճշդելու համար այն անունները, որոնք յառաջիկայ հինգ տարուայ ժամանակաշրջանին պիտի ղեկավարեն Եւրոմիութեան հաստատութիւնները։ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները այս փուլին կը դիմագրաւեն զանազան տարակարծութիւններ եւ տակաւին վերջնական համաձայնութեան մը չեն կրցած հասնիլ վերոյիշեալ անուններու պարագային։

Այս մթնոլորտին մէջ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք երէկ Պրիւքսելի մէջ   տեսակցեցաւ միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ։ Փարիզի եւ Պերլինի ղեկավարութիւններուն մէջ այս փուլին խնդրոյ առարկայ է մրցակցութիւն մը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, դիրքերը հետզհետէ կը յստակենան։

Անկելա Մերքէլ Եւրոյանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին համար յարմար կը դատէ Քրիստոնեայ-դեմոկրատ Մանֆրէտ Վեպէրի թեկնածութիւնը։ Էմմանիւէլ Մաքրոն ներկայիս կանաչ լոյս չի վառեր այդ անունին, որու պարագային հաւանութիւն չեն յայտներ նաեւ ընկերվարականներն ու ազատականները։

Տանըլտ Թուսք, որ Մաքրոնի եւ Մերքէլի հետ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ, վերապահ լաւատեսութեան մը մէջ է։ Հաշուի առնելով առկայ տարաձայնութիւններու խորութիւնը, ան օրակարգի վրայ կը բերէ նոր գագաթաժողովի մը անհրաժեշտութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2019