ԵՐԿԻՐ ԴՐԱԽՏԱՎԱՅՐ

Երէկ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւն, որու արդիւնքով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնը վերարտադրուեցաւ՝ ստանալով քուէներու կէսէն աւելին։ Ժողովուրդը քուէատուփի մօտ փութաց՝ ընտրելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովը։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, անկախութեան շրջանի 9-րդ գումարման խորհրդարանն է։ Ամբողջ երկրէն ներս քուէարկութիւնը սկսաւ ժամը 08.00-ին եւ աւարտեցաւ ժամը՝ 20.00-ին։ Պաշտօնական տուեալներով, ընտրողներու ընդհանուր թիւը կը կազմէր 2 միլիոն 578 հազար 678։ 2008 ընտրատեղամասի մէջ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւնը, որուն մասնակցութեան համեմատութիւնը եղաւ բաւական ցած։

Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակէն ծնունդ առած լուրջ քաղաքական տագնապի յաղթահարման նպատակով ձեռնարկուեցաւ երէկուան ընտրութեան, որուն մասնակցեցաւ ընտրողներու միայն 49.8 տոկոսը։ Այսպէս, քուէատուփի մօտ փութաց 1 միլիոն 281 հազար 174 հոգի։ Ամենաբարձր մասնակցութեան համեմատութիւնը Սիւնիքի մարզին մէջ էր, իսկ ամենա-նըւազը՝ Շիրակի։ Երբ արդիւնքները սկսան յայտնի դառնալ, արդէն պարզուեցաւ, որ ժողովուրդի կամքի դրսեւորումը, դատողութեան արդիւնքը բոլոր չափանիշներէն դուրս էր ու ներհակ՝ բոլոր սպասումներուն։ Այսպէս, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ հրապարակուած տուեալներով՝ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացաւ քուէներու 53.92 տոկոսը։ Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը, որու կազմին մէջ է նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ստացաւ քուէներու 21.04 առ հարիւրը՝ դառնալով գլխաւոր ընդդիմութիւն։ «Պատիւ ունիմ» դաշինքը զբաղեցուց երրորդ հորիզոնականը՝ տիրանալով քուէներու 5.23 տոկոսին։ Որպէս չորրորդ յաջորդեց «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, որու ստացած ձայներու համեմատութիւնը եղաւ 3.96 տոկոս։ Ըստ օրէնսդրութեան, կուսակցութիւններու պարագային 5, իսկ դաշինքներու պարագային 7 տոկոս էր նուազագոյն անցողիկ շեմը։ Նախկին խորհրդարանական ընդդիմութենէն թէ՛ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ թէ «Լուսաւոր Հայաստան»ը (1.22 տոկոս) չյաջողեցան մուտք գործել խորհրդարան։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսն ալ ստացաւ ձայներու միայն 1.54 տոկոսը։ Նախկին խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, որ Փաշինեանի հետ համագործակցած էր, որպէսզի արտահերթ ընտրութիւն կատարուի՝ առանց վարչապետի փոփոխութեան, արդէն չարդարացաւ յաչս ընտրողներուն։ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը ստացած է 687 հազար 251 քուէ։ «Հայաստան» դաշինքը ստացած է 268 հազար 165 քուէ։ «Պատիւ ունիմ» դաշինքը ստացած է 66 հազար 633 քուէ։

Այս բոլորի հիման վրայ Հայաստանի նոր խորհրդարանը ձեւաւորուած է 3 քաղաքական ուժերու մասնակցութեամբ։ Իշխանութեան գլուխ մնալ կը շարունակէ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանէն ներս 71 տեղ ապահոված է։ «Հայաստան» դաշինքը 27 երեսփոխան պիտի ունենայ նորընտիր խորհրդարանէն ներս։ Ազգային ժողով մուտք գործել յաջողած երրորդ քաղաքական ուժը եղած է «Պատիւ ունիմ» դաշինքը՝ հակառակ, որ նուազագոյն անցողիկ շեմի տեսակէտէ բաւարար քուէ չէ ստացած։ Այսպէս, իրաւունքի ուժով խորհրդարան մուտք գործած է «Պատիւ ունիմ» դաշինքը, որու ցուցակը կը գլխաւորէր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէններէն Արթուր Վանեցեան։

Այսօր Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած է հանրահաւաք մը, ժամը՝ 20.00-ին։ Սա կը համարուի հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին ժողովուրդի կողմէ «Պողպատէ» լիազօրութիւնը կը յանձնուի նորընտիր վարչապետին։ Իսկ ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը խիստ վիճայարոյց կը համարէ ընտրութեան արդիւնքը եւ չի շտապեր ընդունիլ զայն։ Այսպէս, Քոչարեանի առաջնորդած դաշինքը համոզուած է, թէ հրապարակուած արդիւնքները վստահութիւն չեն ներշնչեր եւ փարատուած չեն կասկածները։

ՊՈՂՊԱՏԷ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը գլխաւորէ, Հայաստանի երէկուայ արտահերթ ընտրութեան արդիւնքի յայտնի դառնալէն վերջ յայտարարեց, թէ ժամանակն է վերականգնել հանրային եւ ազգային միասնութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան մատնանշեց, որ Հայաստանի քաղաքացին յաղթած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ։ Ան ըսաւ.

«Արձանագրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը խօսեցաւ եւ ժողովուրդը տուաւ իր որոշումը եւ այդ որոշման բովանդակութիւնը պարզ է։ Այդ մէկը ձեւակերպուած էր տակաւին նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ, բայց արձանագրենք, որ տեղի ունեցաւ այն, ինչ կը կանխատեսուէր։ Իսկ կանխատեսումն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին այս ընտրութիւններուն մէջ անխուսափելիօրէն պիտի յաղթէր։ Եւ ես կ՚ուզեմ անգամ մը եւս իմ շնորհակալութեան եւ խոնարհումի խօսքերը ըսել Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, որովհետեւ այս դաժան փորձութիւններու ընդմէջէն անցնելով մենք կրկին վերագտանք զիրար որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ ահա հանրային եւ ազգային միասնութիւնը վերականգնելու ժամանակը»։

Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի ժողովուրդը վերջին երեք տարուայ մէջ ըրաւ երկրորդ յեղափոխութիւնը։ Եթէ առաջինը ոչ-բռնի, թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութիւնն էր, 2021 թուականին տեղի ունեցաւ կրկին ոչ-բռնի, կրկին ժողովրդական, բայց այս անգամ արդէն պողպատեայ յեղափոխութիւն մը։ «Եւ ինչ որ պայմանաւորուած է, այդ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները հատիկ-հատիկ ի կատար կ՚ածուին անխուսափելիօրէն եւ անբեկանելիօրէն, որովհետեւ այդ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, որոնք իրականացուած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական քարոզարշաւի շրջանակներէն ներս, այլեւս ժողովուրդի կամքն են եւ ժողովուրդի կամքը ի կատար պէտք է ածուի», շարունակեց Փաշինեան։

Քուէարկութեան արդիւնքի լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ անշրջելիօրէն փակուած է ընտրութիւններու կեղծման էջը։ Այս առումով ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայաստանի իրաւապահ համակարգին կողմէ իրականացուած դժուար առաքելութեան մասին։ «Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը այլեւս պիտի ձեւաւորուի միայն ու միայն ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութիւնով, կը կարծեմ աներկբայ եւ հասկնալի է բոլորիս», ըսաւ ան։

Ըստ Փաշինեանի, եկած է հանգրուան մը, երբ պիտի զբաղին ազգային եւ հանրային միասնութիւնը վերականգնելու հարցով։ «Կ՚ուզեմ ըսել, որ յառաջիկայ իսկ օրերուն մենք քաղաքական խորհրդակցութիւններու կը սկսինք ընտրութիւններուն մասնակցած բոլոր առողջ ուժերուն հետ՝ հասկնալու համար անոնց պատկերացումները մեր քաղաքական կեանքի եւ հանրային ներուժի քոնսոլիտասիոնի ապագայ հնարաւորութիւններու մասին։ Մենք նաեւ քայլերու կը ձեռնարկենք մեր երկրէն ներս գործարար, մշակութային, գիտական առողջ ուժերը կառավարութեան շուրջ համախմբելու եւ մեր երկրի ու պետութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման ներգրաւելու հարցին մէջ։ Սա շատ կարեւոր արձանագրում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը «Քաղաքացիական պայմանագիր»ին տուած է լիազօրութիւն առաջնորդելու երկիրը, բայց դարձեալ կ՚ըսեմ՝ մենք առաւելագոյնը կ՚ընենք քննարկելու եւ մեր լիազօրութեան շուրջ համախմբելու հանրային բոլոր առողջ պաշարները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իսկապէս օրէնքի եւ իրաւունքի վրայ հիմնուած ազգային միասնութիւն եւ ազգային համաձայնութիւն ձեւակերպելու համար», յայտնեց Փաշինեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանէն ներս «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ապահոված է սահմանադրական մեծամասնութիւն եւ կը ձեւաւորէ կառավարութիւն։ Թէեւ տակաւին ընտրութեան վերջնական արդիւնքը չէ յայտարարուած, սակայն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ կատարուած հրապարակումները ցոյց կու տան, թէ 105 երեսփոխանական աթոռներէն առնուազն 71-ը կը զբաղեցուի Փաշինեանի գլխաւորած քաղաքական ուժի պատգամաւորներուն կողմէ։ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ կատարած գրառման մէջ ընդգծեց, որ իր գլխաւորութեամբ պիտի ձեւաւորուի նոր կառավարութիւնը։

Կը հաղորդուի, որ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոն, ուր հերթական անգամ իր խոնարհումը բերաւ նահատակներու յիշատակին առջեւ։ Ընդդիմադիր աղբիւրներու հաղորդումներով, նահատակի մը մայրը Եռաբլուրի մէջ իրեն ըսաւ. «Երեխաս կորսնցուցի, չուզեցի քեզ կորսնցնել»։

Երկուշաբթի, Յունիս 21, 2021