ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՅՈՅՍ ՅԱՅՏՆԵՑ, ԹԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԿՐԿՆԵՐ ՆԱԽՈՐԴԻ ՍԽԱԼՆԵՐԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի նոր իշխանութիւնը չի կրկներ նախորդ սխալները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան ըսաւ. «Յոյս ունինք՝ Հայաստան կը հասկնայ, որ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման միակ միջոցը հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումն է։ Հայաստան պէտք է դադրի տարածքային պահանջներ ներկայացնելէ հարեւաններուն եւ սկսի բնականոն յարաբերութիւններ կառուցել անոնց հետ»։ Չավուշօղլու աւելցուց, որ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճան ազատած է իր հողերը եւ թէ՛ Պաքու եւ թէ Անգարա վճռականօրէն պատրաստ են քայլերու ձեռնարկել՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան համար։ Նախարարը յիշեցուց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատումը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ բազմաթիւ տարածքաշրջանային ծրագրերու իրականացման համար։

Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի փակման ժամանակ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ նախապատրաստական աշխատանքներէ վերջ Շուշիի մէջ պիտի բացուի Թուրքիոյ հիւպատոսարանը։ Անգարա հնարաւորինս արագ այնտեղ պիտի ուղարկէ իր դիւանագէտները։ «Շուշիի մէջ Ատրպէյճանի դրօշին հաւասար պիտի ծածանի նաեւ Թուրքիոյ դրօշը», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ թրքական հիւպատոսարանի բացումը առանձնայատուկ նշանակութիւն կ՚ունենայ։ Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ վերջերս Շուշիի մէջ ստորագրուած հռչակագրին՝ զայն անուանելով ապացոյց մը, թէ Թուրքիա-Ատրպէյճան միութիւնը պիտի ըլլայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Այսօր մեր առջեւ շատ հնարաւորութիւններ կան։ Այն փաստը, որ Վրաստանի տարածքով կ՚անցնին նաւթամուղեր եւ կազատարներ, շահապաշտ համագործակցութեան մը ցուցանիշն է։ Կայունութիւնը կարեւոր է տարածքաշրջանի զարգացման համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա Վրաստանի ռազմավարական գործընկերներն են։ Զալքալիանի Անթալիայի մէջ մատնանշեց նաեւ Հայաստան-Վրաստան պատմական ու բարեկամական կապերը։

Երկուշաբթի, Յունիս 21, 2021