ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Երեւանի Մատենադարանին մէջ կը սկսի ձեռնարկներու շարք մը, որ ձօնուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս տարելիցը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյց»ին մէջ։ Մատենադարանը՝ որպէս միջնադարեան հայ գրաւոր մշակոյթի կեդրոն, այս տարելիցը կ՚արժեւորէ կազմակերպելով ձեռնարկներու շարք մը, որու ծիրէն ներս այսօր կը սկսի գիտաժողով մը։ «Ներսէս Շնորհալի՝ բազմաշնորհ հայրապետը» խորագրեալ հայագիտական միջազգային գիտաժողովը պիտի տեւէ մինչեւ յունիսի 23-ը։ Զուգահեռաբար, Մատենադարանէն ներս պիտի բացուի նաեւ ցուցահանդէս մը՝ «Ներսէս Շնորհալիի ժառանգութիւնը» խորագրով։
Այս բոլորին առընթեր համերգային ծրագիր մըն ալ պատրաստուած է Մատենադարանին կողմէ։ «Հովել» ստեղծագործական խումբը ժամանակակից հոգեւոր երաժշտութեան կատարումներով հանդէս կու գայ այս շրջանակին մէջ՝ Շնորհալիի բանաստեղծութիւններով։ Արմէն Հիւսնունցն ու Հայաստանի Պետական ճազի քառեակն ալ Շնորհալիի երաժշտական ժառանգութիւնը կը մեկնաբանեն՝ ճազի մեղեդիներով։
Մինչեւ տարեվերջ այլ բազմաթիւ ձեռնարկներ ալ նախատեսուած են Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին մասին։