«ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈՍՔ»Ի ՀԱՐՑԱԿԱՆ

Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Թա­նէր Եըլ­տըզ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա զի­ջում­ներ պի­տի չը­նէ Ռու­սաս­տանի «Կազփ­րոմ» ըն­կե­րու­թեան՝ «Թրքա­կան հոսք» խո­ղո­վա­կա­շա­րի կա­ռուց­ման նա­խագ­ծի ի­րա­կա­նացման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն մէջ։ Այս նա­խա­գի­ծը կ՚են­թադ­րէ Ուք­րայ­նան շրջան­ցե­լով բնա­կան կազ ար­տա­հա­նել դէ­պի Եւ­րո­պա։

«Մոս­կուան մե­զի կը տես­նէ միայն որ­պէս տա­րան­ցող եր­կիր։ Մենք ո­րե­ւէ ի­մաստ չենք տես­ներ այս բա­նին մէջ։ Մենք շա­հագրգ­ռուած ենք հա­մա­տեղ մա­տա­կա­րարում­ներ ստեղ­ծե­լով։ Այդ հար­ցին վե­րա­բե­րեալ սկզբուն­քա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րուած էր, սա­կայն Ռու­սաս­տան կը հրաժա­րի իր տուած խոս­տու­մէն», ը­սաւ Թա­նէր Եըլ­տըզ եւ ա­ւել­ցուց, թէ «Թրքա­կան հոսք»ը պէտք է հա­մա­պա­տաս­խա­նէ թէ՛ Մոս­կուա­յի եւ թէ Ան­գա­րա­յի շա­հե­րուն։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ ի­րենք երբեք չեն ձեռ­նար­կեր այն­պի­սի զի­ջում­նե­րու, ո­րոնք կը սպառ­նան թրքա­կան կող­մի շա­հե­րուն։ Ան հա­մո­զուած է, որ խնդի­րը ան­կա­րելի է լու­ծել միայն կա­զի սա­կա­գի­նի հար­ցին մէջ զեղ­չե­րու եր­թա­լով։

Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ ներ­դաշ­նակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հաս­տա­տուած է ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Մին­չեւ վեր­ջերս կ՚ակն­կա­լուէր, որ Սեւ ծո­վու յա­տա­կէն՝ Ռու­սաս­տա­նէն դէ­պի Թուր­քիոյ ա­րեւմ­տեան մա­սը կա­զի փո­խադ­րու­թեան հա­մար «Թրքական հոսք» կա­զա­տա­րի ա­ռա­ջին գի­ծը շա­հա­գործ­ման պէտք է յանձնուի 2016 թուա­կա­նին։ Այս­պէ­սով Թուր­քիոյ ա­րեւմ­տեան քա­ղաք­նե­րու բնա­կան կա­զի կա­րի­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րուէր՝ Ուք­րայ­նան տա­րան­ցե­լու փո­խա­րէն։ «Թրքա­կան հոսք»ի յա­ջորդ ե­րեք գի­ծե­րը նա­խա­տե­սուած են դէ­պի Կեդ­րո­նա­կան եւ Հա­րա­ւա­յին Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­նե­րը՝ նոյն­պէս Ուք­րայ­նան տա­րան­ցե­լով կազ մա­տա­կա­րա­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Կ՚են­թադ­րուի, որ այս կա­զա­տա­րի հզօ­րու­թիւ­նը հաս­նի տա­րե­կան 60 մի­լիառ խո­րա­նարդ մեթ­րի։ Ծրագ­րի փայ­լուն հե­ռան­կար­նե­րով հան­դերձ, հի­մա կը սպա­սուի, թէ կող­մե­րը ինչ­պէ՛ս պի­տի կա­րե­նան յաղ­թա­հա­րել առ­կայ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը՝ առանց հրաժարելու նախագծի հեռանկարներէն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015