ԱՊԱԳԱՅ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀԱՄԱՐ

Վաս­տա­կա­ւոր դես­պան Իւ­նալ Չե­ւի­քէօզ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան կրնան բա­րե­լա­ւել ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը յա­նուն ա­պա­գա­յին։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Ա­մե­րի­կա­յի ձայն»ը անդ­րա­դար­ձաւ «Պրու­քինկզ» կա­ճա­ռին մօտ Իւ­նալ Չե­ւի­քէօ­զի ու­նե­ցած ե­լոյ­թին, ո­րու ըն­թաց­քին ան նշեց. «Աշ­խարհ կը փո­խուի եւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը տեղ չու­նին մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն։ Կը հա­ւա­տամ մեր սե­րունդ­նե­րու ա­պա­գա­յին, կը հա­ւա­տամ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջըն­թա­ցին»։

­Չե­ւի­քէօ­զի խօս­քե­րով՝ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Թուր­քիոյ մէջ նոր սե­րունդ­նե­րը պա­տե­րազմ չեն տե­սած, չեն ու­զեր պա­տե­րազմ ու ար­ժա­նի են այլ ա­պա­գա­յի մը։ «Ես մեծ­հայր դար­ձած եմ ու երբ կը նա­յիմ թոռ­նի­կիս, կը գի­տակ­ցիմ, որ այդ փոք­րիկ աղջ­նա­կը ար­ժա­նի է ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գա­յի», ըսաւ դի­ւա­նա­գէ­տը, ըստ ո­րու, նա­խա­պէս հայ-թրքա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­ջո­ղութեամբ չնշա­նա­ւո­րուե­ցան, ո­րով­հե­տեւ կող­մե­րը կը փոր­ձէին գաղտ­նի գոր­ծել, մինչ­դեռ այ­սօ­րուան աշ­խար­հին մէջ յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է գոր­ծել հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն։ «Ե­թէ մենք յա­ջո­ղինք հա­մո­զել ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, բա­ցատ­րենք, որ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մը բա­րիք մըն է, միայն այդ պա­րա­գա­յին յա­ջո­ղու­թեան պի­տի հաս­նինք», ա­ւել­ցուց Չե­ւի­քէօզ, որ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Ան­գա­րա­յի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիոյ մէջ նոր խորհր­դա­րան մը ձե­ւա­ւո­րուած է, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը խորհր­դա­րա­նի օ­րա­կար­գին վրայ բե­րե­լու հա­մար։ Այս բա­նը կրնայ կա­տա­րուիլ ոչ միայն խորհր­դա­րա­նա­կան կու­սակ­ցու­թեան, այ­լեւ ան­հատ ե­րես­փո­խա­նի մը կող­մէ։

Չե­ւի­քէօ­զի խօս­քե­րով՝ ա­պա­գան լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կը բա­նայ կող­մե­րուն հա­մար եւ յա­նուն ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ է օգ­տուիլ այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն՝ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բա­րե­լա­ւե­լու նպա­տա­կով։

Հարկ է նշել, որ Իւ­նալ Չե­ւի­քէօզ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը ու­նե­ցած էր Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ Ցիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հանգ­րուա­նին:

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015