ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՄԻՇՏ ԱԽՈՅԵԱՆ

WBO վար­կա­ծով բռնցքա­մար­տի աշ­խար­հի ա­խոյեան Ար­թուր Աբ­րա­համ (Ա­ւե­տիք Աբ­րա­հա­մեան) յա­ջո­ղե­ցաւ պահ­պա­նել իր տիտ­ղո­սը։ Գեր­մա­նիոյ Հալ­լէ քա­ղա­քին մէջ ան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ռո­պէրթ Շթիկ­լի­ցի հետ։ Սա չոր­րորդ մե­նա­մարտն էր, ո­րու վե­ցե­րորդ հանգ­րուա­նին Ար­թուր Աբ­րա­համ նա­քաու­թի են­թար­կեց իր գեր­մա­նա­ցի մրցա­կի­ցը եւ այս­պէ­սով յա­ջո­ղե­ցաւ պահ­պա­նել իր կո­չու­մը։

1980 թուա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ ծնած Ար­թուր Աբրա­համ 2004 թուա­կա­նէն ի վեր բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է Պեր­լի­նի մէջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015