ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս ձեռ­նար­կած տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագծով Տա­նըլտ Թուս­քի ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը հան­դի­սա­ցաւ Ե­րե­ւան, ուր ան մէկ­տե­ղուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հետ։ Սարգ­սեա­նի մօտ կա­յա­ցած զրոյ­ցին ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, Փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեան, Եւ­րո­միու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար դես­պան Թա­թուլ Մար­գա­րեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Տա­նըլտ Թուս­քի Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ քննար­կում­ներ ծա­ւա­լուին Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գա­յին շուրջ։ Թուսք Ե­րե­ւա­նի իր ծրագ­րին սկսաւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին մօտ ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղե­լով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Սերժ Սարգ­սեան նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Տա­նըլտ Թուս­քը, ո­րու հետ տե­սակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր, բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րին ի պա­տիւ սար­քեց նաեւ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մը։ Սարգսեան եւ Թուսք Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դէս ե­կան նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սով մը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Հա­յաս­տան լիա­յոյս է յա­ռա­ջի­կա­յին ԵՄ-ի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսիլ նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թի մը շուրջ։ Ան ընդգ­ծեց, թէ ան­դա­մակ­ցած ըլ­լա­լով Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան՝ Ե­րե­ւան պի­տի շա­րու­նա­կէ սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ Եւրոմիութեան հետ։ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց նաեւ ԵՄ-ի դե­րը Հա­յաս­տա­նի բա­րե­փո­խում­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Իր կար­գին, Թուսքն ալ յայտ­նեց, թէ Եւ­րո­միու­թեան նպա­տակն է Հա­յաս­տա­նի հետ հաս­նիլ ա­զատ վի­զա­յի դրու­թեան։ Բաց աս­տի, ան ընդգ­ծեց, թէ ԵՄ կը փա­փա­քի Հա­յաս­տա­նի հետ ամ­րապն­դել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ։  

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015