ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիօ (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Միջ­նորդ­նե­րը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգսեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լի մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու հե­տա­գայ քայ­լե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած քննար­կում­նե­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ խորհր­դա­կան­նե­րէն Ար­քա­տի Ղու­կա­սեան։

Նա­խա­րար Նալ­պան­տեանն ալ միջ­նորդ­նե­րուն հետ շա­րու­նա­կեց քննար­կում­նե­րը՝ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նա­հար­ցի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ներ­-կա­յա­ցու­ցին Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Մոս­կուա­յի մէջ ի­րենց ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րը եւ անդ­րա­դար­ձան մին­չեւ տա­րե­վերջ ի­րենց կող­մէ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րուն։ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, որ Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րէն յե­տոյ Պա­քուէն կրկին կը հնչէ ռազ­մա­տենչ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւն եւ կը կազ­մա­կեր­պուին սադ­րանք­ներ։ Ան հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց վեր­ջին օ­րե­րուն ատրպէյ­ճա­նա-ղա­րա­բա­ղեան շփման գծի ամ­բողջ եր­կայն­քով ա­զէ­րի զօր­քե­րուն կող­մէ տար­բեր տրա­մա­չա­փի զի­նա­տե­սակ­նե­րով հրա­դա­դա­րի դրու­թեան խախ­տում­նե­րուն վրայ։ Նալ­պան­տեա­նի բնո­րոշ­մամբ, Պա­քուի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան վար­քա­գի­ծը կը վտան­գէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու ուղ­ղեալ՝ Հա­յաս­տա­նի եւ ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ջան­քե­րը։

Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ներ­կայ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թիւ­նը սկսաւ այն­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ, երբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Ատր­պէյ­ճան շա­բա­թա­վեր­ջին ար­դէն խտա­ցեալ ձե­ւով կը խախ­տէր հրա­դա­դա­րը։ Միջ­նորդ­նե­րը այս պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ յա­ռաջ տա­րին ի­րենց շփում­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր­կէ կ՚ու­ղե­ւո­րուին նաեւ դէ­պի Պա­քու՝ քննար­կում­ներ ծա­ւա­լե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Ե­րե­ւա­նի մէջ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ե­րէկ հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ան այս առ­թիւ ը­սաւ, թէ հա­կա­մար­տու­թեան հա­մա­պար­փակ լու­ծու­մը չի կրնար ըլ­լալ՝ ե­թէ ա­նոր մէջ նե­րառ­նուած չըլ­լայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը։ Ո­ւոր­լի­քի խօս­քե­րով, հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւո­րու­մը կը նե­րառ­նէ նաեւ կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը եւ այդ նպա­տա­կով անհ­րա­ժեշտ է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի կամ­քի ա­զատ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը՝ որ­պէս այդ հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման մէկ մա­սը։ Հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման տար­րե­րէն մին ալ պէտք է ըլ­լայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձը։ «Սա կէ­տե­րէն մէկն է ու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու տարր», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք եւ ա­ւել­ցուց, թէ ան­կա­րե­լի է կեդ­րո­նա­նալ տար­րե­րէն մէ­կուն կամ սկզբունք­նե­րէն մէ­կուն վրայ։ Տա­րածք­նե­րը պէտք է վե­րա­դար­ձուին, բայց կան նաեւ այլ գոր­ծօն­ներ։ «Ուս­տի մենք միշտ կը խօ­սինք հա­մա­լիր կար­գա­ւոր­ման մա­սին», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք, ո­րու այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պար­զա­բա­նում մը հա­մա­րուե­ցան՝ վեր­ջերս իր կող­մէ ռու­սա­կան լրա­տուա­մի­ջո­ցի մը տրուած հար­ցազ­րոյ­ցին մասին։

Ըստ Ո­ւոր­լի­քի, հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւո­րու­մը կը նշա­նա­կէ, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից տա­րածք­նե­րը պէտք է վե­րա­դար­ձուին Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան, բայց սա միակ տար­րը չէ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կը նոյն­պէս պէտք է ըլ­լայ կար­գա­ւոր­ման կեդ­րո­նին, որ­պէս­զի հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւո­րում ըլ­լայ։ Այս առ­թիւ ան թուար­կեց նաեւ հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման միւս տար­րե­րը. ինչ­պէս՝ փախս­տա­կան­ներ, անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­ներ, ե­ւայլն։ Ո­ւոր­լի­քի հա­մոզ­մամբ, հա­կա­մարտ բո­լոր կող­մե­րը պէտք է պար­տա­ւո­րու­թիւն ստանձ­նեն՝ ուժ չգոր­ծադ­րե­լու հա­մար։ «Մենք պէտք է կնքենք իս­կա­կան խա­ղա­ղու­թիւն՝ ե­թէ ան պի­տի ըլ­լայ հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւո­րում։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կա­նո­նա­ւոր կեր­պով կ՚այ­ցե­լեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ եւ երբ մենք կը մեկ­նինք՝ կը հան­դի­պինք Ստե­փա­նա­կեր­տի փաս­տա­ցի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ եւ ա­նոնց ձայ­նը պէտք է տեղ գտնէ հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման մէջ», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք եւ ընդգ­ծեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կի յստա­կեց­ման նպա­տա­կով հա­ւա­նա­կան հան­րա­քուէի ժամ­կէտ­նե­րը եւ խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու հա­ւա­նա­կան տե­ղա­կայ­ման վայ­րե­րը պէտք է յստա­կե­ցուին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րով։

Ո­ւոր­լի­քի ե­րէ­կուան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ամե­նաու­շագ­րաւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու շար­քին դասուե­ցաւ նաեւ հե­տե­ւեա­լը. «Յստակ է, որ Հա­յաս­տան չի պատ­րաս­տուիր տա­րածք վե­րա­դարձ­նել՝ ա­ռանց անվ­տան­գու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ե­րաշ­խիք­նե­րու։ Ուս­տի, նշած եմ անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րու մա­սին, նե­րա­ռեալ՝ մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րը»։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, հայ-ա­զէ­րի ճա­կա­տին վրայ խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու տե­ղա­կայ­ման հար­ցը ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի այս գոր­ծըն­թա­ցի ամ­բող­ջին մէջ։ Բազ­մա­թիւ մաս­նա­գէտ­ներ ցարդ ընդգ­ծած են, որ սա Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ հե­տապն­դուած հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն մին է։ Զա­նա­զան մեկ­նա­բան­ներ ցայ­սօր մատ­նան­շած են, որ Ատր­պէյ­ճան եւս կողմ­նա­կից է ճա­կա­տի վրայ ռու­սա­կան զօր­քե­րու տե­ղա­կայ­ման՝ ա­ռան­ձին կամ մի­ջազ­գա­յին ձե­ւա­չա­փի մը մէջ։ Արդա­րեւ, այդ պա­րա­գա­յին Պա­քու կը հա­շուար­կէ Մոս­կուա­յի հետ բա­նակ­ցիլ հայ­կա­կան կող­մին ի հա­շիւ։ Մինչ այս բո­լոր վար­կած­նե­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը զբա­ղեց­նեն օ­րա­կար­գը, հայ­կա­կան կող­մը քա­նիցս յայ­տա­րա­րած է, թէ իր զօր­քե­րը ճա­կա­տի վրայ կը կա­տա­րեն անհ­րա­ժեշ­տը, հե­տե­ւա­բար նման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Նման յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ հնչած են բա­ւա­կան բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս բո­լո­րէն վերջ, հի­մա ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հին բեր­նով հնչած այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­պէս ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րին նաեւ Սերժ Սարգ­սեան եւ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք։ Այս վերջ­նոյն Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ սոյն խնդի­րը։ Թուսք ը­սաւ, թէ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մըն է ԵՄ-ի հա­մար։ Ըստ ի­րեն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րա­վի­ճա­կը, վեր­ջին բա­ցա­սա­կան մի­տում­նե­րը տե­ղի կու տան մտա­հո­գու­թեան։ ԵՄ կը սա­տա­րէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի միջ­նոր­դու­թեամբ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ուղ­ղուած են հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։ «Մենք կը խրա­խու­սենք հե­տա­գայ երկ­խօ­սու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով։ Շատ կա­րե­ւոր է յար­գել հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, զսպուա­ծու­թիւն դրսե­ւո­րել գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ», ը­սաւ Թուսք։

Իր կար­գին, Սերժ Սարգ­սեանն ալ ան­գամ մը եւս վճռա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ան ը­սաւ, թէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թեամբ իր ա­պա­գան ո­րո­շե­լու ի­րա­ւուն­քը չի վի­ճար­կուիր։ Թուս­քի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին հիմ­նախն­դի­րը քննար­կե­լէ վերջ, Սարգ­սեան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ այդ կա­պակ­ցու­թեամբ։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն եւ 2009 թուա­կա­նէն ի վեր հա­մա­նա­խա­գահ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մա­կար­դա­կով կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն, թէ լու­ծու­մը այլ հար­թակ­ներ տե­ղա­փո­խե­լու ջան­քե­րը ան­հե­ռան­կար են։ «Որ­քան որ ալ Ատր­պէյ­ճան փոր­ձէ խե­ղա­թիւ­րել այդ հիմ­նախնդ­րի էու­թիւ­նը, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թեամբ իր ա­պա­գան ո­րո­շե­լու ի­րա­ւուն­քը վա­ղուց ար­դէն չի վի­ճար­կուիր, ա­ւե­լի՛ն՝ սա ամ­րագ­րուած է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Այդ գա­ղա­փա­րի հա­մա­տես­քին մէջ մենք պատ­րաստ ենք յա­ռաջ ըն­թա­նալ ող­ջա­միտ փոխ­զի­ջում­նե­րու ճա­նա­պար­հով», ը­սաւ ան։

Բաց աս­տի, Թուս­քի ներ­կա­յու­թեամբ Սերժ Սարգ­սեան կոչ ուղ­ղեց եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րուն, որ­պէս­զի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին մէջ հրա­ժա­րին հա­ւա­սա­րու­թեան նշան դնե­լէ։ Սարգ­սեա­նի խօս­քով, Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հայ­կա­կան կող­մին շատ մեծ նուէր մը մա­տու­ցած է՝ Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րը Պա­քուի մէջ ի­րա­կա­նաց­նե­լով եւ այդ ըն­թաց­քին ա­պա­հո­վե­լով խա­ղա­ղու­թիւն, կա­յու­նու­թիւն ինչ­պէս շփման գծին, այն­պէս ալ սահ­մա­նին վրայ։ Բայց ա­ւե­լի ճիշդ՝ ոչ թէ խա­ղա­ղու­թիւն, կա­յու­նու­թիւն, այլ խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան խաբ­կանք։ Ան շա­րու­նա­կեց.

«Ին­չո՞ւ կ՚ը­սեմ՝ նուէր մա­տու­ցեց, ո­րով­հե­տեւ սա, կը կար­ծեմ, վեր­ջին կա­թիլն էր, ո­րով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը հա­մո­զուե­ցաւ, թէ ո՛վ է լա­րուա­ծու­թեան պատ­ճա­ռը, ո՛վ կը ծնի լա­րուա­ծու­թիւն եւ ո­րո՛ւ ցան­կու­թեան պա­րա­գա­յին է, որ կրնան ե­րի­տա­սարդ­ներ չզո­հուիլ եւ հրա­դա­դա­րը կրնայ չխախ­տուիլ։ Եւ այս­տեղ, ան­շուշտ, ես կը դի­մեմ ինչ­պէս Պա­րոն Թուս­քին, այն­պէս ալ բո­լոր եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րուն, որ­պէս­զի հրա­ժա­րին հա­ւա­սա­րու­թեան նշան դնե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն։ Գո­նէ ինչ­պէս Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Յու­նուար ամ­սուն ը­րին, ցու­ցա­բե­րեն տար­բե­րա­կուած մօ­տե­ցում։ Ը­սեն՝ ո՞վ է կրա­կո­ղը, ո՞վ է լա­րուա­ծու­թեան պատ­ճա­ռը, ո՞վ կը ցան­կայ պա­տե­րազմ, ո՞վ կը պաշտ­պա­նէ։ Երբ այդ ան­հա­ւա­սա­րու­թեան նշա­նը կայ եւ երբ մար­դիկ ան­պատ­ժե­լիու­թեան զգա­ցում կ՚ու­նե­նան, մար­դոց ոտ­քե­րը գետ­նէն կը կտրուին»։

­Մեկ­նա­բա­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ Սարգ­սեան նշած է, թէ ա­հա այդ­պի­սի ի­րավ­ճա­կի մը պատ­ճա­ռով ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը ինք­զին­քին թոյլ տուած է ամ­բար­տա­ւան ե­լոյ­թի հեր­թա­կան դրսե­ւո­րու­մը։ «Մենք սո­վոր ենք, որ շատ դէպ­քե­րու մէջ այդ­պի­սի լկտի ե­լոյթ­նե­րը կը հաս­նին զա­ւեշ­տի։ Զա­ւեշ­տա­կան չէ՞, որ ժա­ռան­գա­բար նա­խա­գահ դար­ձած մարդ մը ու­րի­շը կը մե­ղադ­րէ այ­լոց օգ­նու­թեամբ նա­խա­գահ դառ­նա­լու մէջ։ Զա­ւեշ­տա­կան չէ՞, երբ ա­ռա­ւօ­տէն ե­րե­կոյ այ­լա­տեա­ցու­թիւն քա­րո­զող մար­դը Եւ­րո­պան եւ ու­րիշ­նե­րը կը մե­ղադ­րէ այ­լա­տեա­ցու­թեան մէջ։ Զա­ւեշ­տա­կան չէ՞, երբ հա­յե­րը աշ­խար­հի ա­մե­նա­վատ մարդ հա­մա­րող անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը Եւ­րո­պան ու Հա­յաս­տա­նը կը մե­ղադ­րէ ցե­ղա­պաշ­տու­թեան մէջ։ Զա­ւեշ­տա­կան չէ՞, որ բազ­մա­թիւ մահ­մե­տա­կան եր­կիր­նե­րու հետ ինքն իսկ ու­նե­նա­լով շատ ա­ւե­լի վատ յա­րա­բե­րու­թիւն, իսկ Եւ­րո­պան եւ Հա­յաս­տա­նը ու­նե­նա­լով շատ ա­ւե­լի լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, Եւ­րո­պան ու Հա­յաս­տա­նը կը մե­ղադ­րէ իս­լա­մա­տեա­ցու­թեան մէջ», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ ընդգ­ծեց, որ հա­ւա­սա­րու­թեան նշա­նը պէտք է վեր­ցուի։ Ան շա­րու­նա­կեց.

«Ես վստահ եմ, հա­կա­ռակ այն հան­գա­ման­քին, որ նաեւ եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մօտ եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ շատ մար­դոց հա­մար ալ քա­րիւ­ղի ու կա­զի հո­տը ու նաեւ խա­ւեա­րի հա­մը զգլխիչ է, այ­դու­հան­դերձ, մենք պի­տի գանք ճիշդ ճա­նա­պար­հի։ Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին՝ ե­թէ այս­պէս շա­րու­նա­կուի, ե­թէ բո­լո­րը նե­րեն Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հի ոչ միայն խօս­քե­րուն, այլ նաեւ քայ­լե­րուն, ա­պա մենք պէտք է դի­մենք մեր յայտ­նի հայ­րե­նակ­ցին՝ Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նին եւ ը­սենք՝ ժո­ղո­վուրդ՝ տեղ մը, բան մը այն չէ»։ Նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ Թուսքն ալ կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի Հա­յաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճա­նը կա­տա­րեն Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ի­րենց ստանձ­նած յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը։ «Եր­կու կող­մե­րը պէտք է պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն դրսե­ւո­րեն ձեռ­նար­կե­լու փո­խա­դարձ զի­ջում­նե­րու, մտնե­լու երկ­խօ­սու­թեան մէջ եւ ձեռն­պահ մնա­լու ո­րե­ւէ հռե­տո­րա­բա­նու­թե­նէ կամ այլ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք կրնան բարձ­րաց­նել լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ Կաս­կած չու­նիմ, որ խա­ղաղ լուծ­ման հա­մար այ­լընտ­րանք գո­յու­թիւն չու­նի ու ե­թէ մենք կը փա­փա­քինք հաս­նիլ խա­ղաղ լուծ­ման, ա­պա մենք պար­տա­ւոր ենք խու­սա­փիլ՝ բո­լոր կող­մե­րը, բո­լոր ա­ռար­կա­նե­րը, բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րը այս շատ ռիս­քա­յին խա­ղին մէջ, պար­տա­ւոր ենք ձեռն­պահ մնալ ակ­րե­սիվ խօս­քե­րէ եւ հռե­տո­րա­բա­նու­թե­նէ, ո­րով­հե­տեւ, ինչ­պէս գի­տէք, խօս­քե­րը եւ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ու­նին հե­տե­ւանք­ներ եւ ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­ներ։ Այս պատ­ճա­ռով, կը կար­ծեմ, որ եր­բեմն լռու­թիւ­նը գե­րա­դա­սե­լի է, քան խօս­քը, մաս­նա­ւո­րա­պէս ակ­րե­սիվ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը։ Ուս­տի, միան­շա­նա­կօ­րէն վստահ եմ, որ սա կոչ մըն է այս հա­կա­մար­տու­թեան բո­լոր կող­մե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հա­մար», ը­սաւ Թուսք։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015