ՍՈՒՐՈՒՉԻ ՄԷՋ ԱՆԻԾԵԼԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ. 31 ԶՈՀ

Թուր­քիա ե­րէկ ցնցուե­ցաւ ա­հաբեկ­չա­կան տմար­դի ու ան­հա­ւա­տա­լի պայ­թու­մի մը բե­րու­մով։ Շանլըուր­ֆա­յի Սու­րուչ գա­ւա­ռա­կին մէջ, մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի մը մօտ պա­տա­հած բա­խու­մը սու­գի մատ­նեց ամ­բողջ եր­կի­րը։ Այս ա­նի­ծեալ ա­հա­բեկ­չու­թեան զոհ գնաց 31 հո­գի, 104 հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ Ըն­կեր­վա­րական ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րու մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին։ Այդ երի­տա­սարդ­նե­րը կը պատ­րաս­տուէին Քո­պա­նի մեկ­նիլ՝ ի­րենց հաւա­քած օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը փո­խադ­րե­լու հա­մար։ Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին, ա­նոնց մէ­ջը խառ­նուած ա­հա­բե­կիչ մը պայ­թե­ցուց իր մարմնին վրայ կրած ռում­բե­րը։ Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ար­դէն պար­զած է, որ այս ցնցիչ դէպ­քին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայ­տա­րա­րեց, որ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը չու­նի կրօն կամ ցեղ։ Իր կար­գին, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի այդ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ բո­լո­րը տան ուս ու­սի։ Տա­վու­տօղ­լու կոչ ուղ­ղեց նաեւ, որ­պէս­զի Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս գան այս դէպ­քին դէմ։ Վար­չա­պե­տը շեշ­տեց, որ յար­ձա­կու­մը գոր­ծուած է Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նու­թեան դէմ։

Հան­րա­յին կար­ծի­քը կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի այն գի­տակ­ցու­թիւ­նով, թէ այս դէպ­քը կա­տա­րուած է երկ­րէն ներս քաոս մը ստեղ­ծե­լու հա­մար։ Քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյն գի­տակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն՝ տե­ղի չտա­լու հա­մար այդ քայ­լին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015