Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Սուրուչի ահաբեկչական դէպքին կապակցութեամբ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկեց ցաւակցական մը, ուր մասնաւորապէս ըսուած է հետեւեալը.
Ձերդ գերազանցութիւն,
Ցաւով տեղեկացայ Յուլիսի 20-ին Թուրքիոյ Շանլըուրֆա նահանգի Սուրուչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած եւ քանի մը տասնեակ զոհերու պատճառ դարձած պայթումին։
Խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով։
Ընդունեցէք, խնդրեմ, ցաւակցութիւններս տեղի ունեցածին կապակցութեամբ։ Զոհուածներու հարազատներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում։
Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015