ԱՄՆ-Ի ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի Յուլիսի 4-ին կը նշուի ԱՄՆ-ի ազգային տօնը։ Նկատի ունենալով, որ այդ օրը այս տարի Ռամազանի տօնի արձակուրդի շրջանին կը համընկնէր, թուականը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան։ Իսկ ճշդուած այդ նոր թուականն ալ Իսթանպուլի տօնակատարութիւններու պարագային ակամայ երկրորդ փոփոխութեան մը ենթարկուեցաւ՝ օդերեւութաբանական զգուշացումներուն բերումով։ Ի վերջոյ, ԱՄՆ-ի ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ ամէն տարի կազմակերպուող պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան։ Իսթինիէի մէջ, ԱՄՆ-ի հիւպատոսարանի շրջակայքին անվտանգութեան արտասովոր միջոցներ ձեռք առնուած էին՝ Թուրքիոյ մէջ պատահած զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։
ԱՄՆ-ի անկախութեան 240-րդ տարեդարձը նշուեցաւ այս աւանդական ընդունելութեամբ։ Հաշուի առնելով ընդհանուր տրամադրութիւնները՝ պաշտօնական ընդունելութեան ծրագիրը բաւական սահմանափակուած էր։ Ամերիկացի զինուորներուն կողմէ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն։ Նուագուեցան Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի քայլերգները։ Ելոյթներով հրաւիրեալներուն դիմեցին Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պեսս եւ Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Չարլս Հանթըր։
Ճոն Պեսս եւ Չարլս Հանթըր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էին Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին եւ Գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ։ Հրաւիրեալներու կարգին էր նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Գործարար աշխարհէն, մտաւորական շրջանակներէն դէմքերու առընթեր, պաշտօնական ընդունելութեան հրաւիրուած էին դիւանագէտներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհի սպասաւորներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ այլք։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երեկոյթի ընթացքին անմիջական զրոյցներ ունեցաւ ընդունելութեան շարք մը մասնակիցներուն հետ։ Նորին Սրբազնութեան որպէս գաւազանակիր ընկերացաւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։