Լոնտոնի Մէջ Բացօթեայ Փառատօն

Լոն­տո­նի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ, Յու­լի­սի 17-ին, տե­ղի ու­նե­ցած է հայ­կա­կան բա­ցօ­թեայ փա­ռա­տօն: Մշա­կու­թա­յին տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­ներ ընդգր­կող այս ձեռ­նար­կը հա­մա­հայ­կա­կան ա­մե­նա­մեծ ի­րա­դարձւ­թիւնն է Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ, ո­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ժա­մա­նած են հա­յեր երկ­րի տար­բեր վայ­րե­րէ:

Ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի վե­ցե­րորդ ան­գամ: Բա­ցի հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, ներ­կայ ե­ղած են բրի­տա­նա­ցի պաշ­տօ­նա­տար­ներ եւ հիւ­րեր Հա­յաս­տա­նէն: Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կած է Քեն­սինկ­թըն եւ Չել­սիի ար­քա­յա­կան շրջա­նի ղե­կա­վար Է­լի­զա­պէթ Ռը­տեր­ֆորտ, Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Մեծն Բրի­տա­նիոյ եւ Իր­լան­տա­յի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեա­նը, Մեծն Բրի­տա­նիոյ Խորհր­դա­րա­նի հա­մայնք­նե­րու պա­լա­տի ան­դամ Սթի­ւըն Փաունտ, Մեծն Բրի­տա­նիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան հիւ­պա­տո­սա­կան հար­ցե­րով կցորդ Հա­յար­փի Տրմէ­յեան եւ այլք։ Փա­ռա­տօ­նը ի­րա­կա­նա­ցուած է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Մեծ Բրի­տա­նիոյ եւ Իր­լան­տա­յի Թե­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի ջան­քե­րով ու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Փա­ռա­տօ­նի բաց­ման առ­թիւ ար­տա­յայ­տուած է Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան։ «Մեր գլխա­ւոր նպա­տակն է բրի­տա­նա­հայ հա­մայն­քը, թէ­կուզ մէկ օ­րով, երկ­րի տար­բեր ծայ­րե­րէն հա­ւա­քել ու հա­մախմ­բել զա­նոնք ի­րենց ինք­նու­թեան շուրջ՝ մեր մշա­կոյ­թի, պատ­մու­թեան, մեր հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեան։ Ին­ծի հա­մար այն­քան կա­րե­ւոր է յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն: Այս տա­րին մե­զի հա­մար ա­ռանձ­նա­յա­տուկ է, քա­նի որ կը նշենք Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը», նշած է Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան։

Փա­ռա­տօ­նին ըն­թա­ցին ե­լոյթ ու­նե­ցած են հան­րա­ծա­նօթ ջու­թա­կա­հար Լե­ւոն Չի­լին­կի­րեան, «Կո­մի­տաս» երգ­չա­խում­բը, «Ախ­թա­մար» ժո­ղովր­դա­կան պա­րա­խում­բը եւ ու­րիշ­ներ: Այս տա­րուան ծրա­գի­րին յա­տուկ հիւ­րերն էին Հա­յաս­տա­նէն տու­տու­կա­հար Գէորգ Կա­րա­պե­տեան եւ երգ­չու­հի Ի­վե­թա Մու­կու­չեան:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016