Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 23-ին Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակին եւ Վարդավառի տօնի առիթով տեղի պիտի ունենայ տօնակատարութիւն:

Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիսի 23-ին Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակին եւ Վարդավառի տօնի առիթով տեղի պիտի ունենայ տօնակատարութիւն:

Գանձասարի  Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող  Ս.  պատարագին պիտի յաջորդեն մատաղի օրհնութիւն ու բաժանում եւ տօնախմբութիւն՝ վանական համալիրի տարածքէն ներս:

Տօնին առթիւ «Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնին՝ մատենադարանին մէջ պիտի կայանայ «Գանձասարը պատմական փաստաթղթերու մէջ» խորագրով ցուցահանդէս մը:

Նոյն օրը, երեկոյեան Վանք գիւղի «Էկլեկտիկա» հիւրանոցային համալիրի տարածքին համերգներով հանդէս պիտի գան «Արցախի ձայներ»ը, «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի եւ «Դուդուկներ» խումբերը:

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017