ՊԷՅՔՈԶԻ ՆԻՒԹԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ՉԵՂԱՒ

Պատրիարքարանի երէկուան ժողովին ընթացքին որեւէ խօսակցութիւն տեղի չունեցաւ Պէյքոզի նիւթին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան համայնքապատկան կալուածի հատուցման գումարներու արժեւորման հարցին շուրջ համայնքէն ներս գոյացած է նոր համաձայնութիւն մը։ Երէկ կը նախատեսուէր Պատրիարքարանի խորհրդակցութեան ընթացքին այս նիւթին անդրադարձ կատարուիլը, սակայն քննարկումներու ընթացքին այդպէս ալ որեւէ ակնարկութիւն չկատարուեցաւ այս նիւթին։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Պէյքոզի նիւթին շուրջ ժողով մը նախատես-ւած է յառաջիկայ Երեքշաբթի։

Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017