ՀԵԼՍԻՆՔԻԻ ԳԱԳԱԹԷՆ ԵՏՔ ՆՈՐ Է՞Ջ. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ԴԺԳՈՀ ԵՆ ԹՐԱՄՓԷՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութիլի Հելսինքիի մէջ հանդիպումէն վերջ Ամերիկայի մէջ կայ համընդհանուր դժգոհութիւն։

Այսպէս, վերջին օրերուն ամերիկեան Foreign Policy պարբերականը կարդացողներուն համար աւելի քան պարզ կը դառնար, որ ինչ մակարդակի դժգոհութիւն մը տիրէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներքաղաքական միջավայրին մէջ։ Խօսքը բնականաբար ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովի արդիւնքներուն մասին է, որ ամերիկացի մեծ թիւով քաղաքական դէմքերու համար համարուեցաւ «ամօթի եւ ստրկացումի» գագաթ մը։ Նման կարծիք յայտնած է յատկապէս ամերիկացի Հանրապետական գոնկրէսական Ճոն Մըքէյն։ Այս վերջինը, որ առաւելապէս յայտնի է իր ծայրայեղական մօտեցումներով՝ հետեւեալը ըսաւ. «Ամերիկայի նախագահութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ամերիկացի ոչ մէկ նախագահ նման նուաստացուցիչ կեցուածք ունեցաւ մեզի համար հակառակորդ համարուող երկրի մը առաջնորդին առջեւ»։

Գոնկրէսականը, որուն համար «Փութին մենատէր է», նաեւ չէ մոռցած շեշտելու, որ Տանըլտ Թրամփի տեսակէտները ու անոր Փութինի առջեւ ունեցած կեցուածքը համազօր են ազգային դաւաճանութեան։

Իրականութեան մէջ, եթէ փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ պատճառներու հիմքով է, որ նախագահ Թրամփի ընդդիմադիր համարուող գործիչներ ի՛նչու այս մակարդակի վիրաւորական կը համարեն անոր կեցուածքները, ապա նկատի պէտք է առնենք, որ անկախ ամէն ինչէ այս փուլին Թրամփի կողմէ առնուած որեւէ քայլ քաղաքական շահարկման կը վերածուի։ Ա՛լ ուր մնաց, երբ խօսքը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու թիւ մէկ հակառակորդ համարուող Ռուսաստանին։

Ի դէպ, Հելսինքիի գագաթաժողովին մասին ուշագրաւ կարծիք յայտնած է հայազգի ամերիկագէտ ՝ Արեգ Գալստեան։ Գալստեան, որ օրեր առաջ խօսած է հայազգի լրագրող Արամ Աբրահամեանի «ՇԱՆԹ» հեռուստաընկերութենէն սփռուող «Հեռանկար» յայտագրով՝ նկատել տուած է, որ Հելսինքիի գագաթի աւարտին պարզ դարձաւ, որ Տանըլտ Թրամփ կարեւոր յաղթանակ մը տարած է։ Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Իրական քաղաքականութեան քոնթեքստով Թրամփ Հելսինքիի գագաթնաժողովէն յետոյ սիւփէր յաղթանակ մը արձանագրեց։ Առաջին հերթին ան շատ խիստ խօսեցաւ ՆԱԹՕ-ի նախագահութեան հետ: Ան ՆԱԹՕ-ի անդամ գլխաւոր տէրութեանց ըսաւ, որ՝ «դուք կը վարէք զգուշաւոր քաղաքականութիւն Ռուսաստանի հետ, բայց ատոր զուգահեռ անոնց կը վճարէք միլիառաւոր տոլարներ եւ կազ կը գնէք։ Պէտք է, ի վերջոյ հասկնալ, թէ ինչ տրամաբանութեամբ է, որ կը գործէք դուք», ըսած էր Թրամփ», շեշտած էր ամերիկագէտը ու անդրադառնալով Փութին-Թրամփ հանդիպման՝ ան ընդգծած էր, որ երկու ժամ տեւած փակ հանդիպման ժամանակ պարզապէս հնարաւոր չէ քննարկել եւ լուծումներ գտնել տարիներու ընթացքին կուտակուած ռուս-ամերիկեան խնդիրներուն:

Ըստ Գալստեանի, երկու գերտէրութեանց միջեւ առկայ խնդիրները նոր չեն ու անոնք կուտակուած են յատկապէս ԱՄՆ-ի նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսերի օրերուն ու այս առումով ըսաւ. «Բոլոր խնդիրները կուտակուած են Պուշ կրտսերի նախագահութեան օրերուն եւ երկու ժամուան մէջ անոնք նոյնիսկ տեսականօրէն չէին կրնար այդ հարցերուն լուծումներ գտնել»: Ըստ Գալստեանի, Հելսինքիի գագաթաժողովին ժամանակ յատկապէս քննարկուած են ռուս-ամերիկեան շահերու բախման կէտերու վերաբերեալ հարցերը. օրինակ՝ Իրանի հարցը, զոր ԱՄՆ կը ներկայացնէ, որպէս Իսրայէլի անվտանգութեան խնդիր։ Գալստեան նաեւ համոզուած է, որ այսօրուան դրութեամբ ԱՄՆ եւ Ռուսաստան հասած են այն եզրակացութեան, թէ Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է Իրանի ունեցած ազդեցութիւնն ու դերը նուազին։

Ան այս առումով ըսած է. «Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել, որ հիմա ԱՄՆ եւ Ռուսաստան կը ցանկան, որ տարածքաշրջանին մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը քիչ դերակատարութիւն ունենայ: Նման կերպ կը մտածէ նաեւ Իսրայէլը, քանի որ վերջիններուն համար աւելի ձեռնտու է, որ տարածքաշրջանին մէջ ըլլան ռուսեր, քան թէ իրանցիներ: Կը կարծեմ, որ այս հարցով Թրամփ եւ Փութին ընդհանուր լեզու մը գտած են»։ Շատ կարեւոր դիտարկումներ կատարած է Գալստեան։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է անպայման արձանագրել, որ Գալստեանի ակնարկը այն մասին, թէ Հելսինքիի գագաթի աւարտին նախագահ Թրամփ սիւփէր յաղթանակ մը արձանագրեց, կը վերաբերի ոչ թէ Միացեալ Նահանգներուն, այլ անձնաւորուած յաղթանակ մըն է եւ կը վերաբերի միայն իրեն։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ, որ ամերիկեան կտրուածքով վարկանիշային մեծ անկում կրած Թրամփ տեղի չէ տուած ու ամէն գնով վճռած է մասնակցիլ Ամերիկայի նախագահի յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Ու այս կէտին պարզորոշ կը սկսի դառնալ, որ Թրամփ ձենլով իր կարգ մը «խելացի» օգնականներուն՝ ազդանշանը տուած է նոր խաղաոճի մը, որուն ամենէն առանցքային դաշտը պիտի դառնայ Ռուսաստանը։

Այլ խօսք, որ Տանըլտ Թրամփ ի՛նչ մակարդակի եւ ինչ ուժգնութեամբ հարուածներու թիրախ կրնայ դառնալ այն մարդոց կողմէ, որոնք նախքան Հելսինքիի գագաթաժողովը՝ ամէնօրեայ դրութեամբ «թոյն կը թափէին» քաղաքականապէս անփորձ համարուած ԱՄՆ-ի նախագահին ու անոր «պայքարող» վարչակարգին դէմ։

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ Թրամփ-Փութին հանդիպման առընթեր տեղի ունեցած ներամերիկեան ամենէն ծանր մեղադրանքները կը վերաբերին ԱՄՆ-ի վերջին ընտրութիւններուն Ռուսաստանի ունեցած անուղղակի միջամտութեան մասին Թրամփի պահպանած լռութեան։

Թրամփի ընդդիմախօսները գրեթէ վստահ են, որպէս արտաքին յենարան անոր հիմնական ու գլխաւոր դաշնակիցը Մոսկուան է, հակառակ ամէն տեսակի քննադատութեանց կամ ամերիկեան կողմէն Փութինի վարչակազմին դէմ հրապարակուած միջին մակարդակի պատժամիջոցներուն։

ՀԻՄՆԱԿԱՆ «ՄԵԽ»Ը ԻՐԱՆՆ Է 

Փութին պիտի զոհէ՞ իրանցիները։ Կամ աւելի ճիշդ ըսած՝ Ռուսաստան Սուրիոյ զոհասեղանին վրայ պիտի դնէ՞ Թեհրանն ու անոր դաշնակից ուժերը։ Հելսինքիի գագաթէն վերջ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն հետեւող փորձագէտներուն համար այս խնդիրն է, որ դարձած է առաջնային։

Ու այստեղ փաստացի տուեալ պէտք է համարել ոչ միայն ռուսական պետականամէտ մամուլին կողմէ հրապարակուած «ենթադրական» վերլուծութիւնները, այլ մանաւանդ՝ արաբական աշխարհին մէջ հեղինակաւոր մէկէ աւելի պարբերականներու ակնարկները, ըստ որոնց Փութին-Թրամփ քննարկման սեղանին առկայ եղած հիմնական հարցը կը վերաբերի Իսրայէլի անվտանգութեան։

Խօսքը նաեւ կը վերաբերի սուրիական տագնապին, որուն առընթեր ամերիկացիք առաջուան կարծր դիրքորոշումները չունին։

Այլ խօսքով՝ Ուաշինկթըն առաջուան հայեացքով չի դիտեր սուրիական տագնապը։ Իսկ լուծման իբրեւ նախապայման նախկինին նման չի խօսիր ու չի կարեւորեր Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռանալու կարեւորութեան ու անյետաձգելիութեան մասին։ Ամերիկայի որդեգրած այս մօտեցումը դրական աշխուժութիւն մը կրնայ մտցնել Սուրիոյ տագնապը քաղաքական հարթակ տեղափոխելու ու Ռուսաստանի կողմէ արդէն իսկ առկայ այդ հարթակին վրայ ԱՄՆ-ի ցուցաբերելիք նեցուկին կապակցութեամբ։ Պայմանաւ, որ երկու գերտէրութիւնները յստակ պատկերացում եւ «ճանապարհային քարտէս» մը գծեն կապուած՝ Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերու ներկայութեան։

Այս կէտին մուտք կը գործենք Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Կորիզային համաձայնութեան» թղթածրարի մանրամսնութեանց մէջ, որոնք ցայսօր ալ կը շարունակեն մնալ Թրամփի իշխանութեան «ուժ տուող» գլխաւոր առանցք մը։

Թէեւ այդ համաձայնութեան վերջնական չեղարկումը «աշխարհի վերջ»ը չէ Իրանի համար։ Բայց եւ այնպէս, տնտեսական մեծ տագնապներու ու ներքին տարաձայնութիւններու վտանգին առջեւ կանգնած Իրանը պիտի փափաքի, որ առնուազն փոխուին «Կորիզային պայմանագրի» խզման պայմանները, կամ աւելի ճիշդը խզումը ըլլայ այն մակարդակով, որ մեծ վնասներ չպատճառէ Իրանին։

Ուրեմն այս տրամաբանութեան հիմքերով է, որ Մոսկուա սեղան բերած է Իրանի հարցը։

Ճիշդ է, որ յատկապէս սուրիական կտրուածքով Թրամփ հաւանաբար ամբողջական համաձայնութիւն եւ «քարտ պլանշ» տուած է Փութինին, բայց այդ առանցքին վրայ կը շարունակէ մնալ Իրանի եւ իրանամէտ ուժերու Սուրիոյ մէջ մնալու հարցը։

Կարեւոր յիշեցում մը ընելու ըլլամ, լոյսին պիտի բերեմ նաեւ պաշտօնական Թել Աւիւի կեցուածքները՝ Սուրիոյ ընդհանուր իրադրութեան կապակցութեամբ։ Հոս նաեւ յստակ է, որ Թել Աւիւն ու յատկապէս վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն տարբեր առիթներով եւ առանց թաքցնելու խօսած են, որ իրենց համար կարեւորը Պեշար Էսատի իշխանութեան վրայ մնալ-չմնալու հարցը չէ, այլ մասնաւորապէս իրանեան ուժերու ու մանաւանդ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի Սուրիոյ մէջ մնալու խնդիրը։

Իբր այդ ալ, կարելի է հետեւցնել, որ Ռուսաստանի համար այսօր աւելի քան երբեք «գործնական» ու խիստ կենսական սկսած է դառնալ իրանցիներուն հետ նոր ճանապարհ մը գծելու խնդիրը։

Պիտի մնա՞ն իրանցիները Սուրիոյ մէջ, կամ պիտի հեռանա՞ն հոնկէ։ Եթէ այո, ապա ինչ գինով։

Այս բոլոր հարցերուն մասին Փութին պիտի խօսի Թեհրանի մէջ այս ամսուան աւարտին նախատեսուած ու գերյագեցած ծրագիր ունեցող գագաթին ընթացքին, որուն բացի Ռուհանիէն, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018