ՆԱԽԸՆԹԱՑԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը յառաջիկային պիտի ունենայ միայն մէկ նստավայր։ Կառավարութեան վերջին ժողովներէն մէկուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ այս խնդրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նախարարաց խորհուրդը քննարկեց վարչապետի տեղակայման վայրը սահմանելու որոշման նախագիծը։ Այժմու դրութեամբ որպէս վարչապետի նստավայր սահմանուած են թէ՛ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի կառավարութեան տունը եւ թէ Բաղրամեան պողոտայի թիւ 26 շէնքը։ Ինչպէս ծանօթ է, Բաղրամեան պողոտայի թիւ 26 շէնքը մինչեւ քանի մը տարի առաջ կը ծառայէր՝ որպէս հանրապետութեան նախագահի ապարանք։  Վերջին իշխանափոխութենէն անմիջապէս առաջ կատարուած կարգադրութիւնով մը հանրապետութեան նախագահի ապարանքը յատկացուեցաւ վարչապետին։

Այժմ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է, որ վարչապետը ունենայ միայն մէկ նստավայր եւ Բաղրամեան պողոտայի ապարանքը վերստին յատկացուի հանրապետութեան նախագահին՝ վերականգնելով նախկին կամ աւանդական վիճակը։ 

Կառավարութեան նիստի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ սոյն որոշման կեանքի կոչուիլը ներկայիս ընդամէնը թեքնիկ լուծման մը կը կարօտի։ Ան ըսաւ. «Տարօրինակ իրավիճակ մը ունինք, երբ վարչապետը երկու շէնքի մէջ ունի տեղակայման վայր։ Մենք ամենեւին չենք մոռցած, թէ ինչ բան քննադատած ենք։ Որովհետեւ քննադատութիւններ կը հնչեն ու կը մոռնանք, թէ ինչ բանը քննադատած ենք՝ յայտնուելով կառավարութեան մէջ։ Այն ինչ որ քննադատած ենք, ժամանակի ընթացքին իրականութիւն կը դարձնենք։ Հարցերու նկատմամբ ցուցաբերել ոչ թէ անձնաւորուած, այլ հաստատութեան տրամաբանութեամբ մօտեցում։ Կը կարծեմ, թէ վարչապետը պէտք է հրաժարի Բաղրամեան 26-ի նստավայրէն, որ ժամանակի ընթացքին կը վերադարձուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին։ Այս պահուն որոշ արարողակարգային պարտականութիւններ կան, արարողակարգային խնդիրները, ինչպէս նաեւ աշխատակազմի որոշ մարմիններու տեղակայման հարցը լուծելէ վերջ կ՚ընդունինք համապատաս-խան որոշում»։

Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց նաեւ, որ գործնականօրէն արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կ՚աշխատի կառավարութեան շէնքին մէջ, եւ ըստ իրեն, սա նաեւ աւելի յարմար է։ «Յետագային այս բանը նաեւ կառավարութեան որոշումներով կ՚արձանագրենք։ Վարչապետը կ՚ունենայ մէկ նստավայր եւ Բաղրամեան 26-ը կը վերադարձուի նախագահի աշխատակազմի՝ իմ նշած հարցերու լուծումէն վերջ։ Այս պահուն այդ որոշումը ընդամէնը թեքնիկ լուծում կը համարուի», նշեց Փաշինեան։

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018