ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ՊԱԿԱՍԱՒՈՐ» ԵՐԵՍԸ՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Տաւուշի ռազմական զարգացումները, կարծես թէ մտան մայրամուտ։ Սա անշուշտ միայն փափաք չէ, այլ հիմնուած է վերջին երեք-չորս օրերուն սահմանին տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին տուեալներու վրայ։ Տուեալներ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ հակառակորդ՝ Ատրպէյճանի կողմէ, որոնք բոլորն ալ կը խօսին համընդհանուր, բայց համեմատական խաղաղութեան մասին։ Համեմատական, որովհետեւ վառօդի հոտ, արկերու պայթումներու արձագանգները, նաեւ տաւուշեան գիւղերու բնակիչներուն տագնապ ապրած հոգին տակաւին չէ խաղաղած։

Ամէն պարագայի, տաւուշեան զարգացումներէն անդին, յստակ է, որ նախքան այս սահմանային խլրտումները՝ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը կ՚եռար։

Եռալը տակաւին քիչ խօսք է, հաշուի առնելով «նախկիններ»ուն սկսած արշաւանքը եւ գործող իշխանութիւններուն թոյլ տուած մեծ վրիպումները։

Քաղաքական իրավիճակէն կամ որեւէ քաղաքական պայքարէ վախնալու կամ մտահոգուելու խնդիր մը չեմ տեսներ, հարցն այն է, որ բոլոր-բոլորս մեծ սխալ գործեցինք, որովհետեւ մէկդի դրինք «Քովիտ-19»ի ստեղծած իրավիճակը ու ճամբայ ելանք, կարծես ոչինչ եղած էր։

Ոչ մէկ կողմ համավարակին դէմ ճշմարիտ եւ անկեղծ, բայց մասնաւորապէս, միասնական պայքար տանելու կոչով հանդէս եկաւ։ Իւրաքանչիւր կողմ կործեց «իր ապրանք»ը վաճառելու համար ու փորձեց ինչ որ կերպ «ինքնահաստատուիլ»՝ նկատել տալով, որ մեր երկիրը ծանր հարուածի տակ է ու այդ հարուծին մէջ մասնակից դարձած է գործող իշխանութիւնը իր մեծ վրիպումներով, իրավիճակը ճիշդ գնահատել չկարողանալու սխալներով ու համավարակէն բաւական առաջ արտայայտուած գոռոզ ու անտեղի մօտեցումներով։

Հիմա համավարակը սկսած է բռնել նահանջի ճամբան, ու այդ շատ լաւ է։ Կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ թագաժահրի թիւերը նուազին ու երկիրը շունչ մը քաշելով կամաց-կամաց մտնէ իր բնականոն հունին մէջ։

Այս բոլորին զուգահեռ սակայն, յստակ է, որ քաղաքական մակարդակի վրայ նոր սրացումներ պիտի ըլլան ու այդ մէկը բնական է։ Սակայն մեծագոյն ձախողանքը, որուն դասերը տակաւին դեռ չենք քաղած համավարակի «թէժ» օրերուն, առկայ անմիաբան մօտեցումն է ու նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքացիներուն առողջական վիճակին շահարկումը, որ խարան պիտի մնայ մեր հասարակութեան մէջ։

Հասարակութիւնը կրնայ գիտակցիլ ու իր նիշը տալ եղած վրիպումներուն, սակայն կը դժուարանամ ըսել, որ նոյնը պիտի ընեն նախկին իշխանութիւնները կամ նոյնիսկ գործող իշխանութիւնները, որոնց համար (երկուքին ալ) էական խնդիրը առաջինի պարագային ետ իշխանութեան վերադառնալն է, իսկ երկրորդի պարագային՝ իշխանութիւնը ամէն գնով պահելու դրոյթը։ Նոյնիսկ եթէ տեղ մը հասկնամ ներկայ իշխանութիւններու դիրքն ու տեսակէտը, սակայն երբեք պիտի չընկալեմ անցեալ իշխանութիւններու կարգ մը ներկայացուցիչներուն մեծխօսիկութիւնը ու անոնց կարգ մը արբանեակներուն կատարած քայլերը, որոնք աւելիով կը ծանրացնէին փոթորիկի ճիշդ աչքին մէջ գտնուող Հայաստանի տագնապահար քաղաքացիներու առօրեան ու հոգին։

Մէկ ազգ, մէկ լեզու, մէկ կրօն ունեցող մեր հասարկութեան քաղաքական վերնախաւէն, ես այլ մօտեցում կը սպասէի...

Անշուշտ վաղ է վերջնական եզրակացութիւններ տալ, սակայն ամէն պարագայի մեծ ողբերգութիւն է, որ այսօր Հայաստանը բոլորին կողմէ տանելի, ընդունելի եւ կշիռ ունեցող իրական առաջնորդ մը չունի։

Սա համահայկական օրակարգի գուցէ հիմնական բացթողումներէն է, որուն մէջ կայ հին հայկական մօտեցումը, իրար չտանելու, զիրար դատապարտելու եւ իրարու «աչքը հանել»ու։

Բարի չէ քաղաքականութեան դաշտը, գիտենք ատի, բայց տակաւին չենք հասկցած, որ տագնապներու մէջ տապլտկող երկրին համար կարեւոր չեն «խելացի խօսքեր»ը եւ քննադատութիւնները, այլ կարեւոր է գործը։

Հիմա հարցում մը. պատրա՞ստ է այսօրուան իշխանութիւնը լսել բոլոր կողմերուն սրտցաւ խօսքը ու մանաւանդ պատրա՞ստ է երկարած եւ սրտցաւ ձեռքերու սեղմումը ընդունիլ։

Ասոր պատասխանը մեր մօտ չէ ու ատոր համար հարկ է սպասել։

Այս բոլորէն անդին, օրերս հեռավար կապով շահեկան զրոյց մը ունեցայ ամերիկահայ հասարակական գործիչ տքթ. Համբիկ Սարաֆեանին հետ, որ է նաեւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը։

Սարաֆեանի կարծիքով (որուն կարծիքը ամբողջապէս կը կիսեմ)՝ բոլոր-բոլորը պարտաւոր են գործակցիլ եւ օգնել Փաշինեանի կառավարութեան, որպէսզի կարողանայ բարեյաջող կերպով դուրս բերել մեր երկիրը «Քովիտ»ի տագնապներէն։

Չէ՞ որ մենք որպէս ազգ յայտնի ենք այն յատկութեամբ, որն է միաւորուիլ տագնապներու ատեն...

Եթէ իրապէս այդպէս է, ապա ո՛ւր մնաց այդ յատկանիշը այս օրերուն։

Ստորեւ հատուած մը տքթ. Համբիկ Սարաֆեանի հետ իմ ունեցած զրոյցէն։

-Այսօր Հայաստանի մէջ քորոնայի համաճարակը սկսած է դուրս գալ վերահսկողութենէ։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ ցարդ տարուած պայքարը եւ արդեօք կարելի՞ է միային իշխանութիւններուն վրայ բեռցնել այսօրուայ ստեղծուած ծանր իրավիճակի պատասխանատուութիւնը։

-Նկատի առնելով այս հիւանդութեան նոր ըլլալը, «Քովիտ-19» համաճարակի դէմ պայքարը մեծ դժուարութիւն եւ մարտահրաւէր էր ոչ միայն Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար, այլեւ ամենազարգացած ու ամենահզօր երկիրներու համար եւ իւրաքանչիւր երկիր իր պատկերացուցած ձեւով կամ կարողութեան սահմաններուն մէջ փորձեց պայքարիլ անոր դէմ: Կան երկիրներ, որոնք բաւական արդիւնաւէտ կերպով կրցան արագ վերահսկողութիւն սահմանել եւ սահմանափակել վտանգը, սակայն կան նաեւ երկիրներ, ուր հիւանդութիւնը տակաւին վերահսկողութենէ դուրս է: Դժբախտաբար, Հայաստանը վերջիններուս շարքին կը պատկանի: Եթէ պիտի խօսինք պատասխանատուութեան մասին, ես կը կարծեմ, որ այսօրուայ ծանր իրավիճակին համար հաւասարապէս պատասխանատու են թէ՛ կառավարութիւնը եւ թէ ժողովուրդը: Նախ, ինչպէս շատ մը երկիրներու մէջ, Հայաստանի մէջ ալ սկզբնական շրջանին այդքան ալ մեծ մտահոգութիւն չկար հիւանդութեան նկատմամբ եւ կը կարծուէր, որ կրնայ նոյնիսկ Հայաստան չհասնիլ: Սակայն, հակառակ այն հանգամանքին, որ Հայաստանը երկու կողմէ պաշարուած երկիր է եւ միայն երկու նեղ անցանելի սահմաններ ունի, վարակը յամենայնդէպս հասաւ Հայաստան՝ թէ՛ օդային եւ թէ ալ ցամաքային ճանապարհով: Իսկ հասնելէն յետոյ անոր դէմ առնուած միջոցառումները եւ քայլերը, ինչպէս ցոյց տուաւ ժամանակը, արդիւնաւէտ չէին: Հիմնական հարցը ուշացումով արտակարգ դրութիւն մտցնելն էր եւ յետոյ տնտեսական աղէտը կանխելու մտահոգութեամբ արագ վերաբացումը: Եթէ ասոր գումարենք մէկ կողմէ ժողովուրդի որոշ հատուածին անբացատրելիօրէն անտարբեր մօտեցումը եւ միւս կողմէ՝ հիւանդութեան շինծու ըլլալուն մասին ապատեղեկատուութեան հոսքը, որ տարբեր միջոցներով Հայաստան հասնելով աւելի ապակողմնորոշեց ժողովուրդը, ապա արդիւնքը եղաւ այն, որ շատեր բոլորովին անտեսեցին կամ ձեւականօրէն գործադրեցին կանխարգելիչ միջոցառումները, անիմաստ դարձնելով արտակարգ դրութիւնը, որովհետեւ հազիւ թէ սահմանափակումները վերացուեցան, հիւանդութիւնը հրդեհի պէս կրկին սկսաւ տարածուելու: Ստեղծուած իրավիճակը իսկապէս մտահոգիչ է, քանի որ նման պայմաններու տակ համաճարակին դէմ պայքարի ամենակատարեալ ծրագիրն անգամ պիտի ձախողէր եւ հիմա կառավարութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ կրկին սահմանափակումներ մտցնելու համաճարակին դէմը առնելու համար: Յուսանք, իշխանութիւնները ճիշտ հետեւութիւններ կ՚ընեն նախորդ անյաջող փորձէն, իսկ մեր հայրենակիցները իսկապէս լրջութեամբ կը մօտենան այս հարցին եւ հետեւելով պատկան մարմիններու ցուցմունքներուն՝ կը նպաստեն, որպէսզի կարելի ըլլայ հիւանդութիւնը վերահսկողութեան տակ առնել:

-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը՝ մասնաւորապէս «Քովիտ-19» համաճարակի լոյսին տակ։

-Քաղաքական առումով՝ կը տեսնենք, թէ ինչպէս նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչները, այս երկու տարուան ընթացքին զանազան միջոցներով, մանաւանդ զանգուածային լրատուական միջոցներով, կը շարունակեն ամէն կերպ վատաբանել ու նսեմացնել իշխանութիւնները եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելով կը փորձեն ստեղծել այն պատկերը, որ Հայաստանի մէջ անիշխանութիւն է եւ վիճակը միայն կը վատանայ: Անշուշտ, համաճարակը եկաւ նպաստելու, որ այդ աղմուկը աւելի ուժգին դառնայ: Այսօր, այն պատեհապաշտութիւնը, որ կը ցուցաբերուի ընդդիմադիր ուժերուն եւ մանաւանդ նախկին վարկաբեկուած իշխանութիւններուն կողմէ, ընդունելի չէ: Երբ երկիրը կը գտնուի պաշարման տակ, տեւական լուռ պատերազմի մէջ է թշնամիին դէմ եւ տնտեսապէս շատ լուրջ դժուարութիւններու առջեւ է, նման պարագաներուն տրամաբանութիւնը կ՚ենթադրէ, որ իշխանութեան շուրջ տեղի կ՚ունենայ համախմբում, մանաւանդ համաճարակին հետ կապուած հարցերուն առումով: Քաղաքականապէս միշտ ալ պիտի ըլլան տարակարծութիւններ ընդդիմադիր եւ իշխանական թեւերու միջեւ, ինչպէս ընդունուած է որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ, սակայն երբ կայ երկրին սպառնացող արտաքին կամ ներքին վտանգ, իսկ համաճարակը հաստատապէս նման վտանգ է, ապա օրուայ միակ հրամայականը ընդդիմադիր եւ իշխանութիւն համախմբումն է ու միասնական ուժերով այս հիւանդութեան դէմ պայքարը: Եթէ կարելի ըլլայ իրականացնել այդ մէկը, այսինքն երբ բոլորին խօսքը մէկ կ՚ըլլայ, երբ մարդիկ պարտաճանաչ կերպով կը հետեւին կանխարգելիչ կանոններուն, երբ դիմակ կրել-չկրելը կը դադրի խնդրոյ առարկայ դառնալէ, ապա միայն այն ատեն պայքարը արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ: Բացի այդ, այսօրուայ իրավիճակէն քաղաքականապէս օգտուիլը ոեւէ մէկուն համար նպաստաւոր չէ, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք կը փորձեն հիմա օգտուիլ, որովհետեւ եթէ կառավարութիւնը ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, եթէ չկարողացաւ վերահսկողութիւն հաստատել հիւանդութեան վրայ, մնացեալ ամէն ինչ երկրորդական է եւ այն վնասը, որ կրնայ երկրին հասնիլ, անդառնալի կ՚ըլլայ:

-Դուք որպէս կուսակցութիւն, խօսքը Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան մասին է, հանդէս եկաք յատուկ յայտարարութեամբ մը, որուն միջոցով կը յորդորէիք բոլոր բոլոր կողմերուն՝ բոլորուիլ իշխանութիւններուն շուրջ։ Կը մանրամասնէ՞ք։

-Այո՛, վերոնշեալ մտահոգութիւններէն ելլելով՝ Հնչակեան կուսակցութիւնը հրապարակեց իր կոչը, «Կոչ համախմբման եւ ոչ թէ տրոհման» վերտառութեամբ, որովհետեւ մենք իսկապէս մտահոգուած ենք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներով եւ մանաւանդ իշխանութեան հակադրուած կողմերու կոչերով ու քայլերով, որոնք կը միտին քաղաքացիին մօտ յառաջացնել յուսահատութիւն եւ յուսախափութիւն ներկայ իշխանութեան նկատմամբ, այն յոյսով, որ այդ ամէնը պիտի յանգեցնէ այս կառավարութեան տապալման եւ իրենք պիտի գան կամ վերադառնան իշխանութեան: Մենք կը հաւատանք, որ կարճամիտ է նման մօտեցումը եւ վնասաբեր մեր հայրենիքին համար, որովհետեւ այսօր ո՛վ ալ ըլլայ իշխանութեան գլուխը, այս նոյն խնդիրներուն առջեւ պիտի կանգնի, եւ այս խնդիրները պիտի չլուծուին ո՛չ հիմա, ո՛չ ալ յետոյ, եթէ համազգային մօտեցում չըլլայ։ Անշուշտ սա չի նշանակեր, որ պիտի չմատնանշուին սխալները կամ վրիպումները եւ իշխանութեան իւրաքանչիւր որոշում պիտի համարուի անթերի կամ կատարեալ: Վերջ ի վերջոյ, հասկնալի է, որ ընդդիմութեան դերն ու պարտականութիւնն է ըլլալ հակակշիռ օրուայ իշխանութեան, քննադատել բացթողումները եւ ընդգծել անոր բոլոր բացասական կողմերը: Սակայն երբ հարցը կը վերաբերի համաճարակին, համագործակցութեան այլընտրանք չկայ, քանի որ համաճարակի կասեցումը առաջին նախապայմանն է երկրի մէջ ներկայ տնտեսական ճգնաժամի եւ այլ հարցերու հանգուցալծման:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020