ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՃԱԾ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երէկ Թուրքիոյ ընդհանուրէն ներս նոր վարակեալներու թիւը թէեւ մնաց հազարի շեմէն վար, սակայն օր մը առաջուան բաղդատմամբ բարձրացաւ եօթով։ Առողջապահութեան նախարարը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա մատնանշեց, որ վերջին երեք օրերու ընթացքին հինգ քաղաքներու՝ Իսթանպուլի, Անգարայի, Կազիանթէպի, Շանլըուրֆայի եւ Պուրսայի մէջ կ՚արձանագրուին ամենաբարձր թիւով նոր վարակումները։

Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 43 հազար 404 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 936 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 17 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 992։ Այս պահու դրութեամբ 1243 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ վարակեալներու թիւն է 385։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2020