ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժան, որ ու­նե­ցաւ աշ­խա­տան­քա­յին բնոյ­թով շփում­ներ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Սերժ Սարգսեա­նին՝ յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան Տու­շան­պէի մէջ կա­յա­նա­լիք ՀԱՊԿ-ի նստաշր­ջա­նի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ։ Քննարկուե­ցան նաեւ ՀԱՊԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015