ԶԵՐԾ՝ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐԷ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը՝ ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ան­ցեա­լի մէջ կրօ­նա­փոխ ե­ղած հայ ան­հատ­նե­րու կամ ըն­տա­նիք­նե­րու մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րու վե­րա­դար­ձին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ա­տե­նա­խօս­ներն էին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Տ. Կո­մի­տաս Վրդ. Յով­նա­նեան եւ ազ­գագ­րա­գէտ Հրա­նոյշ Խա­ռա­տեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Տ. Կո­մի­տաս Վրդ. Յով­նա­նեան հա­մո­զուած է, որ ինք­նու­թիւ­նը հաս­տա­տող եւ մահ­մե­տա­կա­նու­թե­նէ հրա­ժա­րե­լու մա­սին հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թի պա­հան­ջուի­լը զերծ կը պա­հէ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին շա­հա­դի­տա­կան նպա­տակ­նե­րով ան­հատ­նե­րու կող­մէ օգ­տա­գոր­ծուե­լէ։  «Ես ան­ձամբ Գեր­մա­նիոյ մէջ հան­դի­պած եմ քա­նի մը քիւրտ աղ­ջիկ­նե­րու, ո­րոնք ըն­տա­նի­քով կ՚ու­զէին մկրտուիլ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ կե­ցու­թեան ի­րա­ւունք ստա­նա­լու հա­մար Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Ե­թէ մահ­մե­տա­կա­նու­թեան դա­ւա­նող մար­դը կ՚ու­զէ քրիս­տո­նէու­թիւն ըն­դու­նիլ՝ պէտք է դի­մէ իր հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դին, որ­պէս­զի ան ի­րեն տայ մահ­մե­տա­կա­նու­թե­նէն հրա­ժա­րե­լու մա­սին փաս­տա­թուղթ մը, որ­մէ ետք մենք կրնանք ո­րոշ ա­րա­րո­ղա­կար­գէ մը վերջ, մեր Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ սո­վո­րու­թիւն­նե­րը ծա­նօ­թաց­նե­լէ յե­տոյ, կրնանք կա­տա­րել Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ կա­տա­րուող այդ կա­րե­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հա­յը պէտք է ըն­դու­նիլ իր ծա­գու­մով, այլ ոչ թէ կրօ­նով», ը­սաւ Տ. Կո­մի­տաս Վրդ. Յով­նա­նեան։

Իր կար­գին, ազ­գագ­րա­գէտ Հրա­նոյշ Խա­ռա­տեանն ալ նկա­տեց, որ իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու պա­րա­գա­յին Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին չու­նի միան­շա­նակ դիր­քո­րո­շում մը։ Ըստ ի­րեն, հա­մա­պա­րա­փակ լու­ծում մը անհ­րա­ժեշտ է այս խնդրի պա­րա­գա­յին։ Խա­ռա­տեան անդ­րա­դար­ձաւ Լո­զա­նի դաշ­նագ­րին եւ ը­սաւ, թէ Լո­զա­նի խորհր­դա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ ձե­ւա­կեր­պուած էր «փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ» եզ­րոյ­թը։ Այս­պէ­սով գոր­ծա­ծու­թե­նէն դուրս ե­կած է հայ բա­ռը։ «Թուր­քիոյ Կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ա­մէն տա­րի կը ստու­գէ ե­րա­խա­նե­րու ցու­ցակ­նե­րը, որ­պէս­զի այն­տեղ իս­լա­մա­ցած կամ իս­լա­մը ըն­դու­նած հայ ըն­տա­նիք­նե­րու ե­րա­խա­նե­րը չյայտ­նուին հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու մէջ, ո­րով­հե­տեւ այդ ի­րա­ւուն­քը չու­նին։ Բաց աս­տի, Թուր­քիոյ մէջ ապ­րող հա­յե­րը դժգոհ են, երբ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նը կը պա­հան­ջէ դա­տա­րա­նի ո­րո­շում՝ ի­րենց նախ­նի­նե­րուն բռնի ձե­ւով իս­լա­մա­ցած ըլ­լա­լուն վե­րա­բե­րեալ, որ­պէս­զի այդ հի­ման վրայ կա­տա­րէ մկրտու­թիւ­նը, ինչ որ իմ կար­ծի­քով սխալ դիր­քո­րո­շում մըն է։ Կրօ­նը մար­դու ինք­նու­թիւնն է եւ ա­նոր հա­մար փաս­տա­թուղթ պէտք չէ պա­հան­ջուի», նշած է Հրա­նոյշ Խա­ռա­տեան։ 

Այս մամ­լոյ ա­սու­լի­սը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Հա­յե­լի» ա­կում­բին մէջ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուած Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու օ­րե­րուն Թուր­քիա­յէն մեկ­նած քա­նի մը ծպտեալ հա­յեր փա­փա­քած էին մկրտուիլ Հա­յաս­տա­նի մէջ, սա­կայն չէին յա­ջո­ղած։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015