ՀԱՅՐԻ ԻՒՆԷՕՆԻՒ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻՆ

Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ շրջա­նի պա­տա­նի­նե­րուն հա­մար այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ա­մառ­նա­յին ճամ­բար մը։ Ժա­ման­ցի ու զուար­ճան­քի ա­ռըն­թեր ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէր նաեւ շարք մը դա­սըն­թացք­ներ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ու­սու­ցուե­ցաւ նաեւ անգ­լե­րէն։ Կիւլ­պաղ թա­ղա­մա­սի ու­սում­նա­կան կեդ­րո­նին մէջ, ութ-տաս­ներ­կու տա­րե­կան պա­տա­նի­ներ սոր­վե­ցան անգ­լե­րէն։ 

Նա­խըն­թաց օր այս դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից աշ­խա­կերտ­նե­րը ապ­րե­ցան ա­նակն­կալ մը։ Այս­պէս, ի­րենց անգ­լե­րէն դա­սա­ւան­դե­լու փու­թաց Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, որ մեկ­նած էր մէկ օ­րով ու­սու­ցի­չը փո­խա­րի­նե­լու։ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ տղոց հետ շփուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ եւ ա­նոնց բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ խօ­սակ­ցա­կան հիմ­նա­կան կա­ղա­պար­նե­րու շուրջ։ Հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ ըն­թա­ցաւ դա­սը, ո­րու ա­ւար­տին Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ նշեց, թէ կեան­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ու­սուց­չա­գոր­ծե­լու հա­ճե­լի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ապ­րած է։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015