Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ 28-ԻՆ
2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտը յետաձգուեցաւ երկու շաբաթով։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ յայտարարեց, թէ դպրոցներու բացումը յետաձգուած է Սեպտեմբերի 28-ին։
Ինչպէս ծանօթ է, վերամուտը նախատեսուած էր Սեպտեմբերի 13-ին, սակայն դպրոցներու բացման պիտի յաջորդէր իսլամական աշխարհի «Գուրպան»ի տօնը եւ անխուսափելի ընդհատում մը պիտի ապրուէր կարճ ժամանակ անց։ Հետեւաբար կառավարութիւնը որոշեց դպրոցական վերամուտը յետաձգել ուղղակիօրէն Սեպտեմբերի 28-ին, որպէսզի կրթական շրջանի սկիզբին ընդհատում մը չապրուի։
Այսպէսով գործնականին մէջ ամրան արձակուրդը երկարած կը համարուի, սակայն կարգ մը դպրոցներուն մէջ կ՚ընթանան դասընթացքներ (քուրս)։
Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015