ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒԻՆ ԿՈՉԸ

Նա­հա­տակ զի­նուոր­նե­րու պատ­ճա­ռած ան­բա­ցատ­րե­լի ցա­ւը կը շա­րու­նա­կէ բնո­րո­շել Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Ամ­բողջ եր­կի­րը ե­րէկ խոր յու­զու­մով հրա­ժեշտ տուաւ Սղեր­դի մէջ ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րու կող­մէ նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րուն։ Յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան հան­րա­հա­ւա­քի մը մթնո­լոր­տին մէջ՝ հոծ բազ­մու­թեան մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց նա­հա­տակ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն։

Մինչ այդ, անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կեն լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Ե­րէ­կուան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին սպան­նուե­ցաւ 15 ա­հա­բե­կիչ։

Ներ­քին քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­ներն ալ, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն, կը պայ­մա­նա­ւո­րուին առ­կայ մթնո­լոր­տով։ Յու­նիս 7-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած ձե­ւա­ւո­րել հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը եւ Եր­կու­շաբ­թի ար­դէն ա­ւար­տած պի­տի ըլ­լայ հա­մա­պա­տաս­խան ժամ­կէ­տը։ Այս հանգ­րուա­նին Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ ՃՀՓ­-ին եւ ՄՀՓ­-ին ուղ­ղեալ կո­չով մը։ Տա­վու­տօղ­լուի այս կո­չը կ՚են­թադ­րէ Օ­գոս­տո­սի 24-էն ա­ռաջ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս ստեղ­ծել ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը՝ ա­ռանց Էր­տո­ղա­նի կող­մէ կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան մը ո­րոշ­ման առ­նուե­լուն տե­ղի տա­լու։ «Կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան ո­րո­շումն ալ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին մէջ առ­նե­լով կա­տա­րենք մեր պաշ­տօ­նը։ Ես պատ­րաստ եմ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի եւ Պահ­չե­լիի հետ մէկ­տե­ղուե­լու՝ ա­մե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, ո՛ւր եւ ի՛նչ պայ­ման­նե­րու մէջ որ ալ ու­զեն», ը­սաւ Ահմէտ Տա­վու­տօղ­լու։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Տա­վու­տօղ­լու փա­փաք յայտ­նեց, որ ՃՀՓ­-ի եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը կա՛մ մաս­նակ­ցին կա­ռա­վա­րու­թեան եւ կամ տան նա­խա­րար­ներ։ Այ­սինքն, ե­թէ անհ­րա­ժեշ­տա­բար կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան ո­րո­շու­մը ըն­դու­նուի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ, ա­պա այդ պա­րա­գա­յին Տա­վու­տօղ­լու կը փա­փա­քի, որ ստեղծուե­լիք կազ­մին մէջ տեղ ու­նե­նան նաեւ ՃՀՓ­-ի եւ ՄՀՓ­-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Տա­վու­տօղ­լու ա­ռա­ջար­կեց, որ կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը Ան­գա­րա­յի մէջ ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նի շէն­քի եր­դի­քին տակ հա­ւա­ք-ւին եւ 1920 թուա­կա­նի գի­տակ­ցու­թիւ­նով նստին խօ­սին եւ գտնեն լու­ծում մը։

Բաց աս­տի, ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն ալ հան­դէս ե­կաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին ուղ­ղեալ բուռն քննա­դա­տու­թեամբ։ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու այդ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը ցոյց տուաւ այն պատ­ճա­ռով, որ Էր­տո­ղան զին­քը պաշ­տօ­նի չէ կո­չած նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման հա­մար։ Ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վա­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ դառ­նու­թիւն ար­տա­յայ­տեց Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վուօղ­լուի եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հաս­ցէին։ Այս վեր­ջին­նե­րը ի­րենց պա­հած լռու­թեամբ զօ­րակ­ցած կը հա­մա­րուին ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ոտ­նա­հար­ման։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015