ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՂՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԲԱԶՄԱՑԱԾ

Հայաստան բժշկական զբօսաշրջութեան նպատակով այցելուներու թիւը այս ամառ նախորդ տարիներու բաղդատմամբ աճած է: Այս մասին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարութիւններ ըրաւ Մխիթար Հերացիի անուան Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի դիմածնօտային ամպիոնի դասախօս, «Միքայէլեան վիրաբուժական կաճառ»ի փլասթիք ու դիմածնօտային վիրաբուժութեան բաժնի վարիչ Հայկ Ենոքեան։ «Բժշկական զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ կայացած ոլորտ է եւ տարուէ տարի այս նպատակով զբօսաշրջիկներու հոսքը կ՚աւելնայ։ Արտասահմանէն մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ Հայաստան կու գան բժշկական սպասարկութիւն ստանալու նպատակով, որու կարգին՝ զբօսաշրջիկները ոչ միայն ազգութեամբ հայեր են, այլ նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Նախապէս եթէ միայն սփիւռքահայերն էին, ապա հիմա նաեւ այլ ազգութիւններու զբօսաշրջիկներն ալ կու գան: Աշխարհագրութիւնը շատ մեծ է, բժշկական զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստան կու գան Շուէտէն, Դանիայէն, եւրոպական այլ երկիրներէ, Իրանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլն», նշեց Ենոքեան:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Ենոքեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկները հետաքրքրող հիմնական գեղեցկագիտական վիրահատութիւնը քիթի վիրահատութիւնն է: Ըստ անոր՝ օտարերկրացի գործընկերները արդէն կ՚ընդունին, որ Հայաստանի բժիշկները քիթի վիրահատութեան գծով գերազանցած են բոլորը։ «Եթէ վիրահատութիւն մը շատ կ՚ընես, արդէն աւելի հմուտ ու փորձառու կ՚ըլլաս», ընդգծեց Հայկ Ենոքեան:

Ան աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ կրնան գեղեցկագիտական վիրահատութիւններու համար մրցակցային գին պահել: Հայկ Ենոքեան շեշտեց, որ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու բաղդատմամբ Հայաստանի մէջ գեղեցկագիտական վիրահատութիւնները շատ աւելի մատչելի են:

«Փսիլայֆ» հոգեբանական աջակցման կեդրոնի ղեկավար, հոգեբան Լիլիթ Խաչատրեանն ալ նշեց, որ արտերկրէն կը ժամանեն Հայաստան ո՛չ միայն ատամնաբուժութեան եւ գեղեցկագիտական վիրահատութիւններու համար, այլ նաեւ հոգեբանական խորհրդատուութիւն ստանալու նպատակով։ Հոգեբանական խորհրդատուութեան համար մեծամասնութեամբ ժամանեն Իսրայէլի, Պելժիոյ, Անգլիոյ, Ռուսաստանի հայերը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2017