ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ ամսուան սկիզբին պիտի ունենայ կարեւոր ճամբորդութիւն մը։ Այսպէս, իսլամական աշխարհի մօտալուտ տօնէն վերջ ան պիտի ձեռնարկէ ուղեւորութեան մը, որու ծրագիրը պիտի ընդգրկէ երեք երկիր։ Էրտողանի շրջագայութիւնը պիտի սկսի Աստանայէն, պիտի շարունակուի Պաքուով ու պիտի եզրափակուի Նիւ Եորքով։

8-10 Սեպտեմբերին Էրտողան շփումներ պիտի ունենայ Աստանայի մէջ, ուր պիտի հիւրընկալուի Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի կողմէ։ Այս վերջինը բարձր հեղինակութիւն կը վայելէ թրքախօս աշխարհէն ներս։ Ծանօթ է, որ Աստանայի մէջ տեղի կ՚ունենան Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման ուղղեալ լայնախարիսխ բանակցութիւնները, որոնց կը մասնակցին երկրի թէ՛ իշխանութիւններուն եւ թէ չափաւոր ընդդիմութեան ներկայացուցիչները։ Թուրքիա այս ճգնաժամին մէջ առանցքային դերակատար մըն է՝ ըլլալով սահմանակից, նաեւ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ կ՚երաշխաւորէ հաստատուած յարաբերական հրադադարը։ Հետեւաբար, Էրտողանի Աստանա այցելութիւնը երկկողմանի նշանակութեան առընթեր, կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ տարածքաշրջանային առումով։

Աստանայէ վերջ Էրտողան պիտի անցնի Պաքու, ուր իր շփումները նախատեսուած են 10-11 Սեպտեմբերին։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի տեսակցի Էրտողան, որ պիտի շօշափէ զանազան նիւթեր։ Նախագահները պիտի անդրադառնան երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին եւ կանգ պիտի առնեն տարածքաշրջանային իրադրութեան վրայ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակի բոլոր հանդիպումներուն ատեն օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Այս առումով այս անգամ եւս բացառութիւն մը չի նախատեսուիր։ Վերջին շրջաններուն Թուրքիոյ մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցները ատեն-ատեն կը խօսին Ատրպէյճանի կողմէ նոր ներդրումներու հաւանականութեան մասին։ Կը մատնանշուի նաեւ ուժանիւթի ոլորտէն ներս կարգ մը համատեղ ծրագիրներ՝ Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի դրամագլուխով։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան աւելի վերջ պիտի ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Նիւ Եորքի մէջ ան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։ 19-25 Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ներս նախատեսուած է անդամ երկիրներու գագաթաժողով մը, որու ընթացքին Էրտողան հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։ Ան պիտի մասնակցի նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի տանտիրութեամբ աշխարհի ղեկավարներուն ի պատիւ սարքուելիք պաշտօնական ճաշկերոյթին։ Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած են նաեւ Էրտողանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։ Այս ամբողջին մէջ կը նախատեսուի տեսակցութիւն մը Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ։

Դիւանագիտական այս ծանրաբեռնուած շփումները կը զուգադիպին այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Թուրքիա արտաքին քաղաքականութեան մէջ լուրջ տարակարծութիւններ ունի մանաւանդ Եւրոմիութեան ու անոր առաջատար երկիրներէն Գերմանիոյ հետ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ եւս այս շրջանին առկայ են որոշ հարցեր՝ Սուրիոյ տագնապի պարագային ամերիկեան կողմի առած քայլերուն եւ որդեգրած քաղաքականութեան բերումով։ Իսկ Եւրոմիութեան պարագային լարուածութիւնը աւելի բարձր է։ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն միջեւ յառաջ կը տարուի հրապարակային բանավէճ մը։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ եւս շարունակեց Արեւմուտքին ուղղեալ ազդարարութիւնները՝ միշտ փոխանցելով խիստ պատգամներ։ Իսթանպուլի «Հալիչ» համագումարներու կեդրոնին մէջ ան ելոյթ մը ունեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան քաղաքի մասնաճիւղի ընդլայնուած կազմով խորհրդակցական ժողովին ընթացքին։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիա կ՚ընթանայ տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային ուժ մը ըլլալու ճանապարհով։ Էրտողան այս առթիւ ընդգծեց, որ Թուրքիա պարտաւորուած է առանձին պայքարիլ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) բոլոր յարձակումներուն դէմ։ Ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներուն մօտ յայտնաբերուած զէնքերու արտադրուած երկիրներուն ակնարկելով՝ Էրտողան ըսաւ, որ բարեկամ ձեւացնողները կը ստեն Թուրքիոյ։ Իր խօսքերով՝ Թուրքիա միայն յարգանք կ՚ակնկալէ իր գերիշխանութեան նկատմամբ։ «Թուրքիա ինչ որ պէտք է խօսի Արեւմուտքի հետ՝ կը խօսի ո՛չ թէ փակ դռներու ետին, այլ՝ ազգի առջեւ, աշխարհի առջեւ», ըսաւ Էրտողան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2017