ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՏԱՐԵԼԻՑ
Յայտնի բարերար, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի լուսահոգի կողակիցը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ՝ իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Տարի մը առաջ այս օրերուն մեր համայնքային կեանքը տխրութեամբ համակուած էր՝ բարեյիշատակ Նատիա Կիւլմէզկիլի անժամանակ կորուստին հետեւանքով։ Ան բոլորին համար շատ սիրելի դէմք մըն էր՝ իր ազնիւ նկարագրով ու հաղորդական բնաւորութեամբ։ Անողոք հիւանդութիւնը Նատիա Կիւլմէզկիլը խլեց իր ընտանիքէն ու բոլոր սիրելիներէն։ Իր շրջանակը թէեւ տակաւին չէ կրցած հաշտուիլ իր բացակայութեան հետ, սակայն արդէն տարի մը անցած է Նատիա Կիւլմէզկիլի մահէն ի վեր՝ թէեւ իր անթառամ յիշատակը կը մնայ կենդանի։
Երէկ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ Նատիա Կիւլմէզկիլի։ Արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Գումգաբուէ վերջ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի համար ոգեկոչման արարողութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Այսպէս, իր հողակոյտին շուրջ համախմբուեցան հարազատները, ամբողջ ընտանիքը, ընկերային շրջանակէն դէմքեր եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօնին եւս հանդիսապետեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Բոլոր ներկաները հերթական անգամ բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին հոգելոյս Նատիա Կիւլմէզկիլի բարոյական ներկայութեան առջեւ եւ աղօթեցին՝ որպէսզի անոր յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ ու հանգիստ։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ, բոլոր ներկաները բարոյական զօրակցութիւն յայտնեցին Տիգրան Կիւլմէզկիլին, Մելիսսա-Ալէն Պաղ ամոլին եւ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն։