ԱՄՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐԷ ԻՐԱՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ Իրանը թիրախաւորել՝ մտահոգութիւններ եւ տարակարծութիւններ յառաջացնելով միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Երէկ, Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ յայտարարեց, որ ԱՄՆ կը ձգտի վերականգնել Իրանի դէմ միջազգային պատժամիջոցները։ Ան հրահանգած է պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյին, որպէսզի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը իրազեկէ համապատասխան ձեւով։ Ինչպէս ծանօթ է, Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութենէն Ուաշինկթըն 2018 թուականին դուրս եկած էր միակողմանիօրէն։ Այդ համաձայնութիւնը ստորագրուած էր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ հինգ երկիրներուն, Գերմանիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ։ Անշուշտ, Թեհրանն ալ կողմերէն մին էր։ Շուրջ երկու տարիէ ի վեր ԱՄՆ այդ համաձայնութեան կողմը ըլլալէ դադրած է։ Թրամփի երէկուան յայտարարութիւններուն անմիջապէս արձագանգեցին համաձայնագրի կողմ միւս երկիրները։ Ռուսաստան եւ Չինաստան յիշեցուցին, որ ԱՄՆ 2018 թուականին դուրս եկած է համաձայնութենէն։ Ուստի, ան համաձայնութեան կողմ չէ, իբր այդ չի կրնար կեանքի կոչել այն դրութիւնը, որով վերստին պատժամիջոցներ պիտի սահմանուին Իրանի դէմ։

Թրամփի երէկուան յայտարարութիւններու լոյսին տակ Ռուսաստան պահանջեց, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը արտահերթ ժողով գումարէ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել։ Ըստ իրեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Իրանի հիւլէական ծրագրի վերաբերեալ համաձայնութենէն քաշուած երկիր մըն է, ուստի այն երկիրը չէ, որ կրնայ Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերահաստատել։ Ըստ Պորելի, ամերիկեան վարչախումբի յայտարարութիւնը իրենք արձանագրած են, սակայն անկարելի է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները  ընկալել այն երկիրներու շարքին, որոնք ՄԱԿ-ի որոշումներով նախատեսուած ձեւով կրնան վերահաստատել Իրանի դէմ պատժամիջոցները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020