ԱՅՍՕՐ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ ՊԵՐՃ ԶԷՅԹՈՒՆՑԵԱՆԻ ԱՆԹԱՌԱՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԱՌՋԵՒ

Հայ գրականութիւնը 2017 թուականի այս օրը ունեցաւ ծանր կորուստ մը. կորսնցուց Պերճ Զէյթունցեանը։ Ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան իսկապէս հեղինակաւոր անուն մըն էր եւ նոր շրջանին անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր հայ գրականութեան։

Պերճ Զէյթունցեան  ծնած էր 1938 թուականին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս: Ան Խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ արժանացած էր մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչման, 1989 թուականին:

Զէյթունցեան 1948 թուականի հայրենադարձներու շարքին էր: Ան աւարտած էր Երեւանի «Ղազարոս Աղայեան» միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1963 թուականին՝ Փիտիկորսքի օտար լեզուներու ուսումնարանը: 1963-1964 թուականներուն հետեւած էր Մոսկուայի բարձրագոյն բեմագրութեան դասընթացքներուն: 1965-1968 թուականներուն եղած էր «Հայֆիլմ» արուեստանոցի խմբագիրը, ապա, 1965-1975 թուականներուն՝ հեռուստաֆիլմերու «Երեւան» արուեստանոցի գլխաւոր խմբագիրը։ Աւելի ուշ՝ 1975-1986 թուականներուն, ան վարած էր Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղարի պաշտօնը: Եղած էր անկախ Հայաստանի առաջին նախարարը՝ 1991-1992 թուականներուն:

Պերճ Զէյթունցեանի առաջին գիրքը տպագրուած էր 1956 թուականին: Հեղինակ էր 12 թատերախաղերու, որոնք բեմադրուած էին Երեւանի թատրոններուն մէջ: Գիրքերը թարգմանուած էին 11 լեզուներու, ներառեալ՝ ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն:

Զէյթունցեան պետական մրցանակի կրկնակի դափնեկիր եղած էր, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հռոմի Արուեստներու եւ հասարակական գիտութիւններու «Թիպերինա» ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ: 2007 թուականին, Պերճ Զէյթունցեանին յանձնուած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» բարձր շքանշանը: Ան արժանացած էր նաեւ «Հայ արուեստի ասպետ», ինչպէս նաեւ «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումներուն:

2013 թուականին Հայաստանի վարչապետին որոշումով, Պերճ Զէյթունցեան պարգեւատրուած էր Հայաստանի վարչապետի յուշամետայլով: 2016 թուականին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ իր ներդրած մեծ աւանդին համար Պերճ Զէյթունցեան պարգեւատրուած էր Պատուոյ շքանշանով:

Մեծ է Պերճ Զէյթունցեանի ներդրումը հայ արձակի զարգացման ասպարէզին մէջ։ ԱՆ մեր ազգային նորօրեայ զարթօնքի շրջանին մէջ նորովի եւ առանձնայատուկ կերպով դրսեւորուեցաւ։ Պերճ Զէյթունցեանի հրապարակագրական տաղանդը անգնահատելի է։

Հայ գրական աշխարհը մեծ ցաւ ապրեցաւ արդի ժամանակներու կարեւոր մտաւորականներէն Պերճ Զէյթունցեանի կորուստով։

Պերճ Զէյթունցեանի ստեղծագործութիւնները միշտ պիտի կրթեն սերունդները։ Գրողի ստեղծագործութիւնները պիտի մատնանշեն հայ ժողովուրդի ողնաշարը։ Ան մեզի թողած է մեծ եւ անգնահատելի գրական ժառանգութիւն մը։ Զէյթունցեան կարողացաւ իր գրական գործունէութեան ընթացքին կենդանացնել մեր պատմութիւնը, միս ու արիւն տալ մեր պատմութեան, զայն վերածել թատրոնի, ժապաւէնի։ Զէյթունցեանի ստեղծագործութիւնները մեզի, ապագայ սերունդին պիտի տան կեանքը ճշմարիտ ապրելու հնարաւորութիւն։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կան ազնիւ քաղաքացիի կերպարը, մեր պատմութեան առանցքը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020