ԴԱՒԱԴՐԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ «ԱՆՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ»

Մէկ կողմէ «դաւադրամոլ» տեսութիւնները եւ միւս կողմէ հավարակին գործած աւերները կը շարունակեն «Քորոնա»ն պահել կիզակէտային վիճակի մը մէջ։ Ուշագրաւը այն է, որ թէեւ «Քորոնա»ն իր ամբողջութեան մէջ առողջապահական հարց մըն է, սակայն կայ նաեւ այլ իրականութիւն, թէ այս հիւանդութիւնը կ՚ուղեկցուի քաղաքական ու տնտեսական նախադրեալներով։

Վարակը սկսած է նահանջել Հայաստանի մէջ. ի՛նչ են իրական պատճառները եւ ինչպիսի՛ն էին Հայաստանի հիւանդանոցներու կամ առողջապահական ոլորտի իրական արձագանգները այս ճգնաժամին։ Այս բոլորի մասին խօսած եմ վերջին տարիներուն Երեւան հաստատուած հալէպահայ տքթ. Վազգէն Պերղուտեանին հետ։

*

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Քորոնա» համավարակի ընդհանուր իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Շատ քննադատութիւններ կ՚ըլլան, ի՞նչ է ձեր կարծիքը, որպէս անկախ, հայրենադարձած բժիշկ:

-Նախ ըսեմ, որ իմ կարծիքս, որպէս վիրաբոյժ, թերի պիտի ըլլայ, որովհետեւ ես անմիջական շփում չունիմ հիւանդներուն հետ, բայց աշխատելով «Գրիգոր Նարեկացի» բժշկական կեդրոնին մէջ, որ ունի բաւականին ծաւալուն բժշկական կեդրոն, համալրուած համարեա բոլոր մասնագիտութիւններով, մեր մօտ ալ յայտնաբերուեցան բաւականին մեծ թիւով հիւանդներ, տասնեակ թոքաբորբ ունեցողներ, որոնց ես ականատես եղայ: Այդ հիւանդներուն մէկ մասը կ՚ուղարկուէին կեդրոն, քննութիւն յանձնելու, եւ հաստատուելու պարագային, ըստ հիւանդութեան ծանրութեան, կը տեղափոխուէին համապատասխան բաժանմումք:

Մէկ յստակ բան կ՚ուզեմ ընդգծել, ժխտելու համար այն բոլոր կարծիքները, թէ «Քորոնա» չկայ, կամ որ այն սովորական հարբուխի նման վարակ է, այդպէս չէ՛, «Քորոնա»ն իրեն յատուկ երեւոյթները ունի, յատկապէս թոքաբորբի պատկերը, որ յատուկ է միայն այդ հիւանդութեան:

Գալով առողջապահութեան համակարգի աշխատանքի գնահատման՝ կրնամ ըսել դրական է, որ այսքան մեծ աշխատանք տարուած է, սա պէտք չէ անտեսել, սակայն եղան նաեւ կազմակերպչական որոշ թերացումներ, յատկապէս այն հիւանդներու նկատմամբ, որոնք կասկածելի էին։ 3-4 օր կ՚անցնէր մինչեւ հետազօտուիլը եւ հաստատուիլը այդ հիւանդներուն, որոնց վիճակը մինչ այդ կը վատանար, մինչ այդ գործընթացը կարելի էր աւելի արագ ընել: Սակայն այդ թերացումներն ալ ձեւով մը արդարանալի են, կրնայ ըլլալ հիւանդներու մեծ մասը խանգարեց այդ կազմակերպչական հարցերու լուծումը, յատկապէս, որ շատ մը բուժաշխատողներ, ամենօրեայ շփում ունենալով հարիւրաւոր վարակակիրներու հետ, իրենք եւս հիւանդացան եւ գործը կաղաց:

Այս թերացումը հաստատելու համար կ՚ուզեմ Հայաստանի պարագան համեմատել՝ օրինակ Քաթարի հետ, ուր, ըսենք, բժշկական մակարդակը բաւականին բարձր է եւ նիւթապէս ապահովուած երկիր է։ Ըստ տուեալներու, Քաթարի մէջ ժողովուրդի շուրջ 4 տոկոսը վարակուած է, իսկ Հայաստանի մէջ 1 տոկոսն է վարակուած, սակայն այդտեղ մահացութեան տոկոսը շատ աւելի ցած է, որովհետեւ վստահ եմ այնտեղ ջանք չի խնայուիր, աւելի կազմակերպուած մօտեցում կը ցուցաբերուի, յատկապէս որ անոնց բժշկական կազմերը օտարներ են՝ փաքիստանցի, հնդիկ, սուրիացի, եգիպտացի, որոնք ալ ստիպուած են գերազանց աշխատիլ, որպէսզի չկորսնցնեն իրենց աշխատանքը: Այս մէկը փոքր համեմատութիւն մըն էր Քաթարի եւ Հայաստանի միջեւ, բայց ուրիշ բազմաթիւ երկիրներ ալ կան ԱՄՆ-ի նման, ուր մահացութեան տոկոսը աւելի բարձր է, բայց կը կարծեմ, որ այդտեղ ուրիշ նպատակներ հետապնդուած են, մահացութեան տոկոսը յատուկ ուռճացուած է...։

-Վերջին թիւերը ցոյց կու տան, որ վարակը սկսած է նահանջել, իրապէ՞ս այդպէս է, ի՞նչ է ձեր տեսակէտը:

-Կը կարծեմ, որ գալիքի մասին խօսելէ առաջ, պէտք է նախկինին անդրադառնալ: Նախքան մարտ ամիսը՝ քանի-քանի դէպքեր եղան, որպէս ժահրային թոքաբորբ, որոնք մեր բուժկէտերուն մէջ բուժեցինք, սերոմ դնելով, քորթիզոն, անթիպիոթիքներ տալով, երբեմն ալ հիւանդանոց ուղարկելով, իսկ այսօր կայ մեծ կասկած, թէ այդ հիւանդները քորոնաժահրով վարակուած էին եւ այս ժահրը սկսած էր մեր մօտ մարտ 1-էն շատ աւելի առաջ, անցեալ տարուայ վերջերէն:

Երկրորդ իրականութիւն մըն ալ կայ. ինչ որ կը յայտարարուի վարակուածներու թիւերուն մասին, շատեր այդ մասին կ՚ըսեն սուտ է, թիւերը ուռճացուած են։ Ես կ՚ըսեմ հակառակը, ներկայացուած թիւերը, այսինքն 37 հազար վարակուած ունենալը այս չորս ամսուան ընթացքին, իսկական թիւին մէկ մասնիկն է, ես կը կարծեմ, որ հիւանդացողներու իսկական թիւը ներկայացուած թիւի քառապատիկ, հնգապատիկն է, նաեւ այն հիւանդները, որոնք վարակուած են առանց որեւէ գանգատ կամ ախտանշան ունենալու, երեւի քսանապատիկն է. այլ խօսքով՝ մենք 37 հազար վարակակիր չունինք, այլ ունեցած ենք կէս միլիոնէն մինչեւ մէկ միլիոն վարակակիր, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք նախքան համավարակի սկսիլը հիւանդացողները, որոնք հնարաւոր է «Քորոնա» եղած ըլլան: Եւ անշուշտ կայ ժողովուրդէն մաս մըն ալ, որ ստացած էր սրսկում՝ տարբեր կրիփներու դէմ, անոնք ալ չհիւանդացան՝ դիմադրողութիւն ձեռք բերած ըլլալնուն համար: Հետեւաբար, կասկածէ վեր է, որ այս թիւերը պիտի պակսին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

-Համավարակներու պատմութիւնը նորութիւն չէ աշխարհի մէջ եւ տարբեր տարիներու ընթացքին մեծ եւ մահաբեր համավարակներ արձանագրուած են, սակայն «Քորոնա»ն կարծես թէ ունի ուրիշ առանձնայատկութիւններ, այնքան տարբեր միւս հիւանդութիւններէն, որ կարողացաւ ամբողջ աշխարհը անդամալուծել, այդ մէկը ձեզի մտածել կու տա՞յ, որ այս վարակի ետին կան մութ ուժեր:

-Անշուշտ համաշխարհային զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ շատ խօսուեցաւ «Քորոնա»ի տարածման ետին գաղտնի ուժերու ունեցած ներդրումին մասին, այդ լուրերը չենք կրնար հերքել կամ հաստատել, մինչեւ որ շօշափելի փաստեր չտեսնենք, բայց, իմ կարծիքով, իրականութիւն մը կայ որ կը խօսուի, ինչպէս կ՚ըսեն՝ առանց կրակի ծուխ չ՚ելլեր: Կան այդպիսի երեւոյթներ, եւ կայ, ես կը կարծեմ, մահացութեան թուաքանակի ուռճացում, յատկապէս եւրոպական երկիրներու մէջ, նկատի ունենալով որ այդ երկիրներու ղեկավարները, շատ հնարաւոր է, կապ ունենան կամ համագործակցած ըլլան այդ ուժերուն հետ:

-Կա՞յ հաւանականութիւն, որ յառաջիկայ աշնան վարակը դարձեալ թէժանայ, համաձա՞յն էք այդ միտքին, եթէ՝ այո, ինչո՞ւ:

-Դժուար թէ այս քորոնաժահրի նոր բռնկում մը ծագի եւ յառաջիկայ աշնան բռնկի: Ես կը կարծեմ, ուրիշ «Քորոնա» մը կամ ուրիշ տեսակի ժահր մը կրնայ առաջ գալ, այդ ալ վերը մեր նշած մութ ուժերու կողմէն, ինչ որ շատ հնարաւոր է:

-Ժողովուրդի որոշ հատուածին մօտ թերահաւատութիւն կայ հակահամաճարակային կանոններուն հետեւելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին:

-Ժողովուրդի թերահաւատութիւնը ձեւով մը կու գայ համաշխարհային լրատուական հարթակներէն իրենց կարդացած եւ լսած նիւթերէն, յատկապէս որ մեծ թիւով բժիշկներ եւս կը խօսին. օրինակ՝ դիմակ կրելու օրէնքը կիրառելու ծայրայեղութեան մասին, թէ՝ բացօթեայ տարածքներու մէջ ինչ պէտք կայ զայն օգտագործելու, կամ հեռատեսիլի կայաններու հաղորդավարները ինչ պէտք ունին իրենց ընդարձակ տաղաւարներուն մէջ դիմակ կրելու, մանաւանդ երբ մէկ կամ երկու հոգի են այնտեղ։ Ճիշդ է, որ ժողովուրդը քաջալերելու համար է այդ բոլորը, բայց կարծես ժողովուրդին մօտ հակառակ ազդեցութիւն կը գործէ այդ չափազանցուածութիւնը:

Յամենայնդէպս, ես քննադատաբար կը մօտենամ ժողովուրդին այն հատուածին, որ անհոգ է եւ միայն իր մասին կը մտածէ, յատկապէս երիտասարդութիւնը եւ տարիքով մեծերը, որոնք բազմաթիւ հիւանդութիւններ ունենալով հանդերձ, կը նստին իրարու հետ նարտ կը խաղան, նոյն իրերը կը բռնեն եւ այդ ընթացքին ալ դիմակը ձեւական կը կրեն, կզակէն կախած եւ այլն: Պէտք է աւելի լուրջ վերաբերիլ, ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանել, յատկապէս փակ եւ խճողուած տարածքներու մէջ անպայման քիթը փակած դիմակ կրել: Կարծես օրէնքը ճիշդ պահպանելու համար պէտք է դասընթացքէ անցնին մարդիկ, շատեր ընդհանրապէս գաղափար չունին հականեխման մասին, ձեռնոցի ճիշդ օգտագործման մասին. երեւոյթներ կան, որոնք տգիտութեան եւ մաքրութեան կանոնները ճիշդ կիրառել չգիտնալը ցոյց կու տան:

Վարակի մահացութեան դէպքերով Հայաստանը այսօր աշխարհի քառորդ միլիոնէ աւելի երկիրներուն մէջ 7-րդ տեղը կը գրաւէ, որ շատ ցաւալի է, ինչո՞ւ այդպէս եղաւ մեր մօտ, ուրկէ՞ եղաւ այդքան մեծ թիւերը եւ արագ տարածումը, եթէ ընդամէնը մի քանի հոգի վերադարձան եւ վարակը բերին. երեւի մաքրութեան պակասն էր: Հնդկաստանի նման երկրի մը մէջ, ուր մարդիկ քով քովի կը նստին, նոյն ջուրին մէջ թէ՛ կը լողան եւ թէ նոյն աղբիւրէն կը խմեն, ինչու թիւը այդքան քիչ է եւ մեր մօտ այդքան տարածուած, այս փաստը ցաւալի է անշուշտ:

Դեռ աւելի այպանելին, որ շատ շատեր գաղտնի պահած են իրենց վարակուիլը, մեկուսացած են կամ ալ յաճախ չեն մեկուսացած։ Ասիկա իսկապէս մեզի ոչ վայել, ամօթալի վարք է։ Մինչ հարկ էր, որ երբ առաջին ախտանշանները զգացին, անմիջապէս զգուշացնէին ու տեղեակ պահէին իրենց հետ վերջին շրջանին շփում ունեցող մարդիկը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020