ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շինուած առաջին թափանցիկ ինքնաշարժը, որ ստեղծուած է 1939 թուականին, տարիներ վերջ կրկին յայտնուած է ժողովուրդի ուշադրութեան կեդրոնին։

Ինքնաշարժը այնպէս նախագծուած էր, որպէսզի ցոյց տայ այն բոլոր կազմածները, որոնք այն ժամանակ կ՚օգտագործուէին ինքնաշարժի արտադրութեան համար: Pontiac Ghost Car տեսակը ստեղծուած էր General Motors-ի կողմէ Rohm եւ Hass ընկերութեան հետ համագործակցութիւնով, որ հնարած էր փլեքսիկլաս ապակիի տեսակը։

Մեծ մասամբ մետաղեայ շերտը փոխարինած էր այս յեղափոխական նիւթը, որմէ կը պատրաստուէր ինքնաշարժի մարմինը ու կը ցուցադրէր անոր ներքին աշխատող մասերը։ «Ուրուական-ինքնաշարժ» անուանումը ստացած փոխադրամիջոցը ժամանակին գնահատուած էր 25 հազար ամերիկեան տոլար:

1940 թուականին կառուցուած էր երկրորդ Pontiac Ghost Car-ը՝  Golden Gate Exposition ցուցադրութեան մասնակցելու համար:

1939 թուականին շինուած ինքնաշարժը Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն յանձնուար էր Սմիթսոնիըն թանգարանին, ապա 2011 թուականին աճուրդի մը մէջ վաճառուած էր 308 հազար տոլարով:

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020