Հինգշաբթի 23, Յունուար 2025
ՃԱԲՈՆԻ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԶՈՒԳԱՐԱՆՆԵՐ
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի հանրապարտէզներու մէջ տեղադրուած են թափանցիկ զուգարաններ՝ պատրաստուած «խելացի» ապակիէ:
Երբ յաճախորդը ներս մտնէ, «խելացի» ապակին գոյն կը փոխէ ու կը կորսնցնէ իր թափանցիկութիւնը։ Այս կը նշանակէ, որ անցորդներու համար ներսը գտնուողը անտեսանելի կը դառնայ: Մինչդեռ երբ ներսը մարդ չի գտնուիր, ապակին կը դառնայ թափանցիկ:
Հանրային զուգարանները տեղադրուած են այս ամիս՝ հինգ տարբեր ճեմապարտէզներու մէջ:
Թափանցիկ զուգարաններու հեղինակները յայտնի ճարտարապետ Շիկերու Պանն ու տասնեակ այլ ձեւագծողներ են:
Հետաքրքրական է, որ երեկոյեան ժամերուն զուգարանները կը լուսաւորուին ու գեղեցիկ տեսարան կը պարզեն:
Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020