ՅԻՇԵԼՈՎ ՆԿԱՐԻՉ ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՖԱՐԵԱՆԸ

Նկարիչ Սուրէն Սաֆարեան ծնած է 1923 թուականի այս օրը, Պաքուի մէջ: Սուրէն Սաֆարեանի ուսումնառութեան տարիները անցած են Երեւանի մէջ: Յաճախած է Գեղարուեստի ուսումնարան, 1942 թուականին աւարտելով զայն, անմիջապէս մեկնած է ռազմաճակատ: Յետագային կրթութիւնը շարունակած է Երեւանի պետական գեղարուեստի կաճառէն ներս, 1947-1952 թուականներուն:

Սուրէն Սաֆարեան ստեղծագործած է բազմաթիւ դիմանկարներ, բնանկարներ ու զանազան նիւթերով պաստառներ: Անոր գործերը աչքի կը զարնեն իրապաշտութեամբ ու աւարտուածութեամբ. ակներեւ է հեղինակի մանրամասն մշակումն ու մանրակրկիտ աշխատանքը: Սաֆարեանական գունապնակը բաղկացած է կապոյտի, վարդագոյնի, կարմրաշագանակագոյնի յագեցած երանգներով, որոնք նկարիչի թրթռացող վրձնահարուածներու շնորհիւ իւրայատուկ գրաւչութիւն կը հաղորդեն իր ստեղծագործութիւններուն: Կտաւներու գլխաւոր առանցքը կը կազմեն նկարիչի խոհերը ազատութեան, մարդկութեան ճակատագրի ու անոր ապագայի մասին:

Պատերազմական տարիները իրենց անջնջելի հետքը թողած են նկարիչի կեանքին մէջ՝ դարձած է անոր արուեստի առանցքային նիւթերէն մէկը: Պատմայեղափոխական նիւթով մեծադիր աշխատանքները զգալի տեղ կը զբաղեցնեն նկարիչի արուեստին մէջ («Անդորր», «Կռունկներ» եւ այլն): Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ կը ցուցադրուի հեղինակի «Հայրենի մեղեդիներ» նկարը, որու համար «1945-ի գարնան» եւ «Ազատարարները» ստեղծագործութիւններու հետ միասին 1971 թուականին ան արժանացած է «Մ. Կրեքովի» անուան արծաթէ մետայլի: Սաֆարեանի վրձինած դիմանկարները բազմաբնոյթ են՝ մշակոյթի անուանի գործիչներէ (Մեսրոպ Մաշտոց, Սայաթ-Նովա, Չարենց եւ այլք) մինչեւ հասարակ գիւղացիներ ու արհեստաւորներ («Ձկնորս Արշակը», «Դարբին Գ. Սարգսեանի դիմանկարը»):

Եւրոպական կարգ մը երկիրներ կատարած ճամբորդութիւնները Սաֆարեան-նկարիչի համար ներշնչումի մեծ աղբիւր հանդիսացան՝ հարստացնելով անոր գունապնակը վառ գոյներով, առիթ ընձեռելով շփուելու զանազան մշակոյթներու ու ժողովուրդներու հետ եւ անոր զուգահեռ արժեւորելու եւ անդրադառնալու նաեւ ազգային նիւթերուն («Հինաւուրց յուշարձաններ», «Ընդհատուած մեղեդի»): Այս ճամբորդութիւններու հիման վրայ ստեղծագործած գեղանկարչական շարքերը կը փոխանցեն զանազան ազգերու եւ երկիրներու բնորոշ շունչն ու կերպարները՝ տիպական կերպարներով ու տեսարաններով («Տոն Քիշոթ», «Քապուկի թատրոնի մոթիֆներով», «Քոլիզէյ»): Սուրէն Սաֆարեան ստեղծագործած է նաեւ բնանկարներ՝ պատկերելով Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերը, բանաստեղծական տեսարաններն ու պատմամշակութային կոթողները («Սեւանը ձմրան» «Հին Գորիս», «Աշտարակի Կարմրաւոր»):

Նշանակալի է նկարիչի մանկավարժական գործունէութիւնը, որուն ան սկսած է նուիրուիլ 1952 թուականին՝ դասաւանդելով «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի ուսումնարանէն ներս, ապա՝ Երեւանի Պետական գեղարուեստաթատերական կաճառին մէջ, ուր 1976 թուականէն սկսեալ ղեկավարած է գծանկարի ամպիոնը: 1988 թուականէն սկսեալ նոյն պաշտօնը վարած է նաեւ «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական կաճառին մէջ:

Ուշագրաւ է նաեւ Սաֆարեանի գործունէութիւնը Հայաստանի Նկարիչներու միութեան մէջ, որուն անդամակցած է 1953 թուականին, ապա եղած է վարչութեան քարտուղարը, աւելի վերջ ալ՝ նախագահը։ Այս տարիներուն ան հանդէս եկած է շարք մը նախաձեռնութիւններով ու մտայղացումներով. անոր ջանքերու շնորհիւ կազմակերպուած է ամենամեայ «Մէկ գործի ցուցահանդէս»ը:

Սուրէն Սաֆարեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու ու կոչումներու: Անոր ցուցահանդէսներու մասնակցութիւնը սկիզբ առած է 1947 թուականին: Առաջին անհատական ցուցահանդէսը բացուած է 1969 թուականին Էջմիածնի, իսկ մէկ տարի վերջ՝ Լենինականի ու Դիլիջանի մէջ: Ունեցած է բազմաթիւ անհատական ու խմբակային ցուցահանդէսներ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Սուրէն Սաֆարեան մահացած է 1988 թուականի ապրիլ 22-ին, Երեւանի մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020