1412 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտէն ներս Թուրքիոյ մէջ նոր վարակեալներու թիւը արդէն վերստին կը մօտենայ 1500-ի շեմին։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 92 հազար 301 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1412 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 882։ Ներկայ դրութեամբ 735 հիւանդի կացութիւնը կը համարուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ կոչ ուղղեց, որ միասնական ջանքերով նուազեցուին նոր վարակումները։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020