«ԱՐՄԵՆԻԱ-ԷՔՍՓՕ 2015» ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ար­մե­նիա-Էքս­փօ 2015» տա­րե­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը։ Ար­դէն 15-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րու բա­ցու­մը պա­տուեց նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։

Հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով ա­ռեւտ­րաար­դիւ­նա­բե­րա­կան տօ­նա­վա­ճառ մըն է այս մէ­կը, որ նոյն հար­թա­կին վրայ կը հա­մախմ­բէ Հա­յաս­տա­նի խո­շո­րա­գոյն ար­տադ­րող­նե­րը՝ ա­ւե­լի քան հա­րիւր ըն­կե­րու­թիւն­ներ, ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­ներ, միու­թիւն­ներ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան բնա­գա­ւա­ռի ձեռ­նար­կա­տէ­րեր։ Այս տօ­նա­վա­ճա­ռը մաս­նա­կից­նե­րուն հա­մար հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ ներ­կա­յաց­նե­լու ի­րենց ար­տադ­րան­քը, գտնե­լու շա­հա­ւէտ գոր­ծըն­կեր­ներ կամ օ­տա­րերկ­րեայ ներդ­րող­ներ։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը կը նպաս­տէ նաեւ յա­ջող մար­քե­թին­կի ի­րա­կա­նաց­ման, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ար­տադ­րու­թեան ո­լոր­տի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ մաս­նա­գէտ­նե­րուն եւ գոր­ծա­րար­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ եւ ի լրումն այս բո­լո­րին փոր­ձա­գի­տա­կան ու նո­րա­րա­կան հա­մա­կար­գե­րու նո­րու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւե­լու լաւ ա­ռիթ մը կը հան­դի­սա­նայ։

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ ի­րեն ըն­կե­րա­կից բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ըն­թաց­քին շրջայց մը կա­տա­րե­ցին տա­ղա­ւար­նե­րով, ծա­նօ­թա­ցան ար­տադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Նախագահ Սերժ Սարգ­սեան զրու­ցեց ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նա­կից ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ՝ հե­տաքրք­րուե­լով ա­նոնց ձեռք­բե­րում­նե­րով, խնդիր­նե­րով եւ հե­տա­գայ զար­գաց­ման ծրագ­րե­րով։

«Ար­մե­նիա-Էքս­փօ 2015» տօ­նա­վա­ճա­ռի բաց­ման ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան եւ Ար­դիւ­նա­բե­րող­նե­րու եւ գոր­ծա­րար­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ար­սէն Ղա­զա­րեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2015