ԵԱՀԿ-Ի ՀԻՄՆԱՐԱՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ 40-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
ԵԱՀԿ-ի հիմնարար փաստաթուղթերու ստորագրման 40-ամեայ յոբելեանը նախընթաց օր հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ 1975 թուականին ստորագրուած Հելսինքեան եզրափակիչ աքտի 40-ամեակին ձօնուած ձեռնարկներուն տանտէրն էր Երեւանի մօտ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքին։ Յոբելենական հանդիսութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած արտասահմանեան դիւանագէտներ եւ Հայաստանէն բազում պաշտօնատարներ մասնակցեցան ԵԱՀԿ-ի 40-ամեակի ձեռնարկներուն։
Միւս կողմէ, կազմակերպութեան յոբելեանին առթիւ «Հայփոստ» ընկերութիւնն ալ թողարկեց դրոշմաթուղթ մը։ Յոբելենական ձեռնարկի մասնակիցները միասնաբար կնքեցին այս դրոշմաթուղթը, մինչ նոյն առթիւ հատուեցաւ նաեւ 40-ամեակի կարկանդակը։
Քառասնամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան ըսաւ, որ թէեւ Հելսինքիի խորհրդաժողովը վերջ չտուաւ պատերազմներուն, բայց կարեւոր է, որ ան առաջարկեց համաեւրոպական խաղաղութեան նոր մոտէլ մը։ Այս վերջինը խարսխուած է մէկ կողմէ մասնակից երկիրներու համագործակցութեան եւ անվտանգութեան, իսկ միւս կողմէ՝ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան վրայ։
Ըստ Նալպանտեանի, իրականացնելով ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն ներս ստանձնած իր յանձնառութիւնները՝ Հայաստան կը հանդիսանայ այս կազմակերպութեան աշխոյժ անդամներէն մին։ Սերտ համագործակցութիւն ձեւաւորուած է ԵԱՀԿ-ի կառոյցներուն, նաեւ Երեւանի գրասենեակին հետ։ Այս գրասենեակը ներկայիս Հարաւային Կովկասէ ներս ԵԱՀԿ-ի միակ լիարժէք ներկայութիւնն է, ինչ որ ինքնին վկայութիւն մը կը հանդիսանայ՝ միջազգային համագործակցութեան նկատմամբ Հայաստանի վերաբերմունքին եւ տարածքաշրջանային առկայ իրողութիւններուն տեսակէտէ։
Նալպանտեան ընդգծեց, որ անկարելի է թերագնահատել Հելսինքիի եզրափակիչ աքտին կարեւորութիւնը։ Անոր ստորագրումը յետպատերազմեան Եւրոպայի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին է ու մեծապէս պայմանաւորած է տարածքաշրջանի երկիրներու փոխյարաբերութիւններն ու համագործակցութեան ուղղութիւնները, միեւնոյն ժամանակ էական ազդեցութիւն գործած է ընդհանուր առմամբ միջազգային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վրայ։ «Հելսինքիի եզրափակիչ աքտով տակաւին քառասուն տարի առաջ սահմանուած ու մեզի ժառանգուած դրութիւններու անշեղ կիրառումը Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համակեցութեան կարեւորագոյն գրաւականներէն կը հանդիսանան, հետեւաբար անոր նկատմամբ մշտական հոգածութիւնը եւ ուշադրութիւնը առանցքային տեղ պէտք է զբաղեցնեն արդի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան։