ԿԼՈՊԱԼ ՀԱՒԱՔ
Թուրքիա տենդագին պատրաստութեան մը մէջ է հիւրընկալելու համար Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովը, որ նախատեսուած է Նոյեմբերի 15-16-ին։ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ, Պելէքի մէջ, Անթալիա, տեղի պիտի ունենայ այս կարեւոր գագաթաժողովը, որ պիտի համախմբէ աշխարհի մեծագոյն քսան տնտեսութեան տէր երկիրներուն ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները։
G-20-ի երկիրները աշխարհի բնակչութեան 66 տոկոսին տէրը կը հանդիսանան, իսկ տնտեսութեան՝ 90 տոկոսին։ Թուրքիա շրջանային նախագահի հանգամանքով կը հիւրընկալէ G-20-ի այս գագաթաժողովը, որ տասներորդը պիտի ըլլայ իր նմաններու շարքին։
Պելէքի շրջանին մէջ գոյութիւն ունի հինգաստղանի 46 պանդոկ եւ այս գագաթաժողովին համար արդէն ճշդուած է 30 պանդոկ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգմամբ, պետութեան պատկան բոլոր մարմինները խտացեալ աշխատանք կը տանին այս գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն համար։ Պելէքն ու շրջակայքը բարձր անվտանգութեան գօտի հռչակուած է։ Մասնաւորապէս շատ լուրջ անվտանգութեան միջոցներ ձեռք կ՚առնուին վերահսկելու համար այն 40 քիլօմեթր երկարութեամբ ցամաքուղին, որ կը միացնէ Անթալիոյ օդակայանն ու Պելէքը։ Այդ ճանապարհը կը զինուի տեսախցիկներով, որոնք ունին մարդու դէմքեր եւ ինքնաշարժներու համարանիշեր զանազանելու առանձնայատկութիւն։ Հազարաւոր ոստիկաններ գագաթաժողովի օրերուն պաշտօնի պիտի կոչուին այդ կէտին վրայ։
Անթալիոյ կուսակալ Մուամմէր Թիւրքէր յայտնեց, թէ այդ երեսուն պանդոկներուն գտնուած շրջանը պիտի հռչակուի կարմիր գօտի եւ այնտեղ պիտի չկարենայ մուտք գործել ոեւէ մէկը, որ հաւատարմագրուած չէ։ Օտարերկրեայ պատուիրակութիւնները իրենք պիտի դիմագրաւեն իրենց կեցութեան ծախսերը։ Անոնց պահանջներուն լոյսին տակ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի որոշէ, թէ ո՛ր երկրին ղեկավարը պիտի իջեւանի ո՛ր պանդոկին մէջ։ Այս կարգադրութիւնները ընելու ժամանակ հաշուի պիտի առնուի նաեւ այն հանգամանքը, որ կարգ մը պատուիրակութիւններ պիտի ըլլան բաւական բազմանդամ։ Այժմու կանխատեսումներով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ հազար հոգիէ։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ անմիջական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն այս գագաթաժողովին նկատմամբ։ Շուրջ երեք հազար մամլոյ սպասաւոր պիտի հետեւի ժողովներուն. երկու հազարը միջազգային մամուլի ներկայացուցիչ ըլլալու պայմանաւ։ Այս պատ-ճառով, գագաթաժողովի կազմակերպուելիք պանդոկին հարեւանութեամբ գտնուող պանդոկը ամբողջութեամբ պիտի վերածուի մամլոյ կեդրոնի։
Այս վիթխարի նախաձեռնութեան շրջագծով ընկերային ծրագրեր ալ կեանքի պիտի կոչուին։ Այսպէս, մանաւանդ Ասփենտոսի պատմական ամփիթատրոնի միջավայրին մէջ նախատեսուած է համերգ մը։ Գագաթաժողովին մասնակցելիք ղեկավարներու կողակիցներուն համար ալ կը պատրաստուի առանձին ծրագիր մը։
Ներկայ ամսուան սկիզբէն ի վեր արդէն աստիճանաբար թափ ստացած է այս գագաթաժողովին ծրագիրը, որ կը բաղկանայ զանազան փուլերէ։ Անգարայի մէջ առաջին առթիւ համախմբուեցան G-20-ի անդամ երկիրներու կեդրոնական դրամատան նախագահներն ու ելմտական նախարարները։ Ներկայ էր նաեւ «Այ. Էմ. Էֆ.»ի նախագահ Քրիստին Լակարտ։ Անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ C-20-ի ժողովը, որ այս կազմակերպութեան հասարակական թեւը կը հանդիսանայ։ Այս հաւաքոյթի ատենախօսներու շարքին էր աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու։ Հոկտեմբերի 2-ին ուժանիւթի նախարարները, իսկ Հոկտեմբերի 5-ին առեւտուրի նախարարները ժողովներ պիտի գումարեն Իսթանպուլի մէջ։
Գագաթաժողովին զուգահեռ, նոյն աշխատանքներուն ծիրին մէջ, հաւաքներ պիտի իրականացնեն նաեւ գործարար աշխարհի, երիտասարդութեան, կանանց, բանուորներու, մտածման կազմակերպութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Այս վերջիններուն աշխատանքին համար ալ Պելէքի մէջ յատկացուած է 16 պանդոկ։
G-20-ի գագաթաժողովի օրակարգին վրայ հիմնական տեղ պիտի զբաղեցնեն ելմտական կարգադրութիւնները, միջազգային ելմտական կառուցուածքը, հարկերը, ապօրինութիւններու դէմ պայքարը, մաքրօ քաղաքականութիւններու պարագային համագործակցութիւնը, ներդրումները, մարդուժը, առեւտուրը, զարգացումը, ուժանիւթի շարունակականութիւնը եւ կլիմայի փոփոխութիւնը։ Թուրքիայէն վերջ G-20-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Չինաստան։
G-20-ի գագաթաժողովը հետաքրքրական է նաեւ այն առումով, որ պիտի յաջորդէ Նոյեմբերի 1-ին նախատեսուած կանխահաս ընտրութիւններուն։ G-20-ին Թուրքիոյ առընթեր կ՚անդամակցին Արժանթին, Աւստրալիա, Պրազիլ, Գանատա, Չինաստան, Ֆրանսա, Գերմանիա, Հնդկաստան, Էնտոնեզիա, Իտալիա, Ճաբոն, Մեքսիկա, Ռուսաստան, Սէուտական Արաբիա, Հարաւային Ափրիկէ, Հարաւային Քորէա, Անգլիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոմիութիւնը։ Հետեւաբար, Պարաք Օպամա, Վլատիմիր Փութին, Տէյվիտ Քեմրըն, Անկելա Մերքէլ, Ֆրանսուա Օլանտ, Սալման Թագաւոր, Տոնալտ Թուսք, Ժան Քլոտ Եունքէր, Քրիստինա Քիրշնէր, Տիլմա Ռուսէֆ, Սթեֆան Հարփըր, Ցի Ճինփինկ եւ այլ բազմաթիւ ղեկավարներ Անթալիա պիտի փութան այս գագաթաժողովին առթիւ։ Բացի G-20-ի երկիրներէն, Թուրքիա որպէս հիւր այս գագաթաժողովին մասնակցելու հրաւէր ուղղած է Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւին, ինչպէս նաեւ Մալեզիոյ վարչապետին, Սենեկալի նախագահին, Սինկափուրի վարչապետին, Սպանիոյ վարչապետին եւ Զինպապուէի նախագահին։