ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ԵՒ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ
Ֆրանսական «Օրանժ» բջիջային հեռաձայններու ընկերութիւնը դուրս եկաւ Հայաստանի շուկայէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Օրանժ Արմենիա» ընկերութիւնը վաճառուեցաւ «Եուքոմ» ընկերութեան, որ նոյն բնագաւառին մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանէն ներս՝ ռուսական դրամագլուխով։ Հայաստանի Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը արդէն հաւանութիւն տուած է այս գործարքին համար։ Յիշեալ յանձնաժողովը այս գործարքը համաձայնեցուցած է նաեւ Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարարութեան հետ։
«Օրանժ»ի կողմէ տեղեկացուցեցաւ, որ ընկերութիւնը վերատեսութեան կ՚ենթարկէ ամբողջ աշխարհի մէջ ունեցած կարելիութիւնները եւ արդիւնքին որոշած է դուրս գալ շարք մը երկիրներու շուկաներէն. օրինակ՝ Հայաստան, Զուիցերիա, Տոմինիքեան Հանրապետութիւն եւայլն։
Հեռանալով Հայաստանէն՝ «Օրանժ» ֆրանսական ընկերութիւնը երկրի խոշորագոյն հարկատուներու վիճակագրութեան մէջ թողեց հետաքրքիր փաստ մը։ Տարիներէ ի վեր առաջին անգամ, 2015-ի առաջին կէսին, Հայաստանի հազար խոշորագոյն հարկատուներու ցուցակին վրայ տեղ գտաւ ֆիզիքական անձ մը։ «Օրանժ-Արմենիա»ի ընդհանուր տնօրէն Ֆրանսիս Ժելիպթէրն էր այդ մէկը, որ տուրք վճարած էր շուրջ 105 հազար տոլար։
«news.am» կայքէջը զարմանալի չի նկատեր, որ ֆրանսական ընկերութիւնը իր մասնաճիւղի ղեկավարը կը վարձատրէ եւրոպական չափանիշներով։ Յամենայնդէպս, կայքէջը հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ ղեկավարներու շարքին խոշորագոյն հարկատուն դարձաւ թէեւ մեծ, սակայն բոլորովին ալ Հայաստանի ո՛չ խոշորագոյն եւ ոչ ալ ամենայաջողակ ընկերութեան ղեկավարը։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանը «Օրանժ»ի Հայաստանի մէջ գործունէութեան դադրեցումը մեկնաբանած է աւելի տարբեր տեսանկիւնէ մը։ Արդարեւ, միջազգային շարք մը վաճառանիշներ այս շրջանին կը հեռանան Հայաստանի շուկայէն։ «Օրանժ»ի առընթեր Հայաստանի շուկայէն հեռանալ որոշած է «Սամսունկ» Հարաւային Քորէական ընկերութիւնը։ Յառաջիկայ շրջանին այս ընկերութեան արտադրանքը թէեւ պիտի վաճառուի Հայաստանի մէջ, սակայն շուկան պիտի կառավարուի անոր Վրաստանի գրասենեակէն։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Էթիհատ» օդային ընկերութիւնն ալ վերջերս որոշած է փակել Հայաստանի մասնաճիւղը։ Պատճառը այն է, որ այս ընկերութիւնը մշտապէս վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր չուացուցակները, որպէսզի կարենայ իր օդանաւները օգտագործել թռիչքային հոսքերու համաձայն ու բաւարարէ շուկայի պահանջները։ Հարկ է նշել, որ այս ընկերութիւնը տարի մը առաջ մուտք գործած էր Հայաստանի շուկայ։
Այս իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան յայտարարեց, թէ պէտք է բնականոն վերաբերմունք ցուցաբերել ընկերութիւններու երկիր գալուն կամ երկրէն հեռանալուն կապակցութեամբ։
Միւս կողմէ, նոյնպէս «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը վերջերս հրապարակած է երկրի արտաքին առեւտուրին վերաբերեալ տուեալներ, որոնք այդքան ալ փայլուն չեն համարուիր։ Արդարեւ, 2009 թուականի ճգնաժամէն ի վեր առաջին անգամ կրճատուած է Հայաստանի արտաքին առեւտուրը։ Այս տարուան առաջին կէսին Հայաստանի արտաքին առեւտուրը նուազած է 20.6 տոկոսով՝ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին բաղդատմամբ ու կազմած՝ 2 միլիառ 186 միլիոն ամերիկեան տոլար։ 2009 թուականի ճգնաժամէն ի վեր առաջին անգամ կրճատուած է նաեւ երկրի ներքին առեւտուրը։
Կայ նաեւ ուրիշ ուշագրաւ ու մտահոգիչ տուեալ մը։ Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի կառավարութիւնը հաւաքած է 1 միլիառ 59 միլիոն տոլար տուրք, ինչ որ գրեթէ 13.5 տոկոսով պակաս է անցեալ տարուան առաջին կէսի ցուցանիշէն։ Սա նոյնպէս խոշորագոյն անկումն է 2009 թուականի ճգնաժամէն ի վեր։
Անհատներու փոխանցումները, որոնք նոյնպէս կարեւոր նշանակութիւն ունին Հայաստանի տնտեսութեան համար, ներկայ տարուան առաջին կիսամեակին կազմած են 682.6 միլիոն տոլար, ինչ որ 28.4 տոկոսով պակաս է անցեալ տարուան առաջին կիսամեակին բաղդատմամբ։ Փոխանցումներու անկման համեմատութիւնն ալ նոյնպէս խոշորագոյնը կը հանդիսանայ 2009 թուականէն ի վեր: